Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պքերքէի Մէջ «Պատրաստ Եմ Բոլորին Հետ Երկխօսութիւն Կատարելու, Եւ Պէտք Է Հասնինք Շրջանին Մէջ Ընթացք Առած Համաձայնութեան Գնացքին» Շեշտեց Ֆրենժիէ

April 19, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ յետմիջօրէին այցելեց Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք առաջին օրէն իսկ թշնամական հայեացք չէ ունեցած որեւէ երկրի, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ:

«Մենք միշտ բարիք կը ցանկանք արաբներուն եւ Սէուտական Արաբիոյ», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ ընդգծեց նաեւ, որ ինք կը մերժէ արաբական որեւէ երկրի դէմ ցեխարձակումը` աւելցնելով, որ Ֆրանսա այցելած է եւ Փարիզի մէջ պատասխանած ֆրանսացի պետական պաշտօնատարներու հարցումներուն` ընդգծելով, որ ֆրանսացիները մնայուն կապի մէջ են Սէուտական Արաբիոյ հետ:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ բնական է գործադրել բարեկարգումները եւ զօրակցիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ գոյանալիք համաձայնութեան:

Ան շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի բարեկարգումի իր ծրագիրը ունեցող որեւէ կառավարութեան:

Ֆրենժիէ նշեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով իր անուան դէմ վեթոյի մասին միայն լիբանանեան մամուլէն կարդացած է եւ իմացած, այլապէս ո՛չ Սէուտական Արաբիայէն եւ ո՛չ ալ անոր դաշնակից ու բարեկամ երկիրներէն լսած է նման վեթոյի մը մասին:

«Պատրաստ եմ բոլորին հետ երկխօսութիւն կատարելու, եւ պէտք է հասնինք շրջանին մէջ ընթացք առած համաձայնութեան գնացքին», շեշտեց Ֆրենժիէ:

Ան ընդգծեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Հըզպալլայի հետ իր յարաբերութիւնները ինք Լիբանանի շահերուն կը ծառայեցնէ` նկատել տալով, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու հարցը ճիշդ ընթացքի մէջ կը գտնուի, եւ առողջ կերպով անոր լուծումը պիտի յանգի տեղահանուածներու տունդարձին:

Ֆրենժիէ պատրաստակամութիւն յայտնեց քննարկելու պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը, որ Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ եւ բոլորին մտավախութիւնները կը վերացնէ:

Նախորդը

Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Պաքու Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Ամսական Աշխատավարձը Քառապատկելու

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.