Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի ֆայնըլ էյթի Գ. հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Լուէյզիի մարզադաշտին մէջ (Զուք Մոսպեհ) հիւրը եղաւ Լիտըրզին, տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով արձանագրեց 88-65 արդիւնքով յաղթանակ մը (20-16, 18-23, 13-23 եւ 14-26):
Այս յաղթանակը առաջինն էր ՀՄԸՄ-ի կազմին համար, յաջորդական երկու պարտութենէ ետք, մինչ մրցում մը նուազ կատարած Լիտըրզի համար` երկրորդ պարտութիւնը:
Լիտըրզի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումին ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը (ինչպէս նաեւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը) նշանակեց Մարք Լայընզ, որ տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ (27 կէտ, 10 էսիսթ):
Անոր խմբակից Ճոշուա Քալտուէլ նշանակեց 15 կէտ, մինչ Լիոնել Լահուտ նշանակեց 19 կէտ:
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապպահ Նուժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Փոլ Սուքայյեմ:


