Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա Հանիէի Հետ Կը Քննարկէ Վերջին Իրադարձութիւնները

April 12, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայիլ Հանիէն, որուն հետ քննարկեց բռնագրաւուած Պաղեստինի վերաբերող հարցեր, Աքսայի մզկիթին առնչուող զարգացումները, ինչպէս նաեւ Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան կարողութիւններն ու անոր բաղկացուցիչներուն միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Նշենք, որ Հանիէ աւարտեց Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը սէյիտ Նասրալլայի եւ պաղեստինեան կարգ մը խմբաւորումներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ պաղեստինեան հեղինակաւոր դէմքերու հետ իր ունեցած հանդիպումներէն ետք:

Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա ռամատանի առիթով կրօնական զեկուցումի մը ընթացքին յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի մէջ արձանագրուած ապահովական իրադարձութիւններուն մասին անդրադարձ մը պիտի կատարէ այս ուրբաթ օր, Երուսաղէմի օրուան առիթով իր արտասանելիք ճառին մէջ:

Նշենք, որ ուրբաթ, 7 ապրիլ 2023-ին իսրայէլեան ուժեր Զարիթ իսրայէլեան բնակեցման վայրին մէջ վար առին անօդաչու թռչող սարք մը, որ Լիբանանէն մուտք գործած էր Իսրայէլ:

Իսրայէլեան ուժեր հաստատեցին, որ այդ սարքը կը պատկանի Հըզպալլային` ընդգծելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն արգիլելու իրենց գերիշխանութեան դէմ գործուող ոտնձգութիւնները:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն Համասին, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ահաբեկչական ենթակառոյց մը հիմնէ:

Ան նկատել տուաւ, որ Իսրայէլ չի փափաքիր ընդարձակ պատերազմի մը ձեռնարկել եւ կը ջանայ արգիլել նման պատերազմի բռնկումը, սակայն եթէ այդ պատերազմը սանձազերծուի, ապա Իսրայէլ իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի կռուի, որովհետեւ Իսրայէլ ահաբեկչական յարձակումներու թիրախ է:

 

Նախորդը

Սամի Ժեմայէլ. «Հըզպալլա Պատասխանատու Է Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տիրող Կացութեան»

Յաջորդը

Լիբանան Պաշտօնապէս Բողոքեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.