Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, որ հիւրընկալեց Ժիրոնան (11-րդ), անոր հետ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ Պարսելոնա, որ ունի 72 կէտ, 13 կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ Ռէալ Մատրիտը, որ այս հանգրուանին իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Վիարէալէն:
Երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ այս հանգրուանին 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ռայօ Վայեքանոյի դաշտէն, այժմ ունի 57 կէտ եւ երկու կէտով միայն ետ կը մնայ Ռէալ Մատրիտէն:


