Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան բոլոր այն խումբերուն անունները, որոնք ապահովեցին փլէյ օֆի եւ փլէյ ինի մրցումներուն իրենց տոմսերը:
Արեւելեան շրջանէն իրենց տոմսերը ապահովեցին Միլուոքի Պաքս, Պոսթըն Սելթիքս, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ, Քլիվլենտ Քաւալիրզ, Նիւ Եորք Նիքս, Պրուքլին Նեթց, Մայեմի Հիթ, Աթլանթա Հոքս, Թորոնթօ Ռեփթըրզ եւ Շիքակօ Պուլզ:
Իսկ արեւմտեան շրջանէն իրենց տոմսերը ապահովեցին Տենվըր Նակեթց, Մեմֆիս Կրիզլիզ, Սաքրամենթօ Քինկզ, Ֆէօնիքս Սանզ, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, Մինեսոթա Վուլվզ, Նիւ Օրլինզ եւ Օքլահոմա Սիթի:
Իսկ մրցաշարքէն դուրս մնացին Ինտիանա Փէյսըրզ, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, Օրլանտօ Մեճիք, Շարլոթ Հոռնեթց, Տիթրոյիթ Փիսթընզ (արեւելեան շրջան), Տալաս Մավըրիքս, Եութա Ճեզ, Փորթլենթ Թրէյլ Պլէյզըրզ, Հիուսթըն Ռոքեթց եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ (արեւմտեան շրջան):
Նշենք, որ փլէյ օֆի եւ փլէյ ինի մրցումները կը սկսին այսօր` չորեքշաբթի, 12 ապրիլին:


