Հայաստանի մէջ ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահներու հաւանական տեղակայման ժամկէտները կախուած են հայկական կողմէն:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա` խօսելով Հայաստան ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւն ուղարկելու կարելիութեան մասին: Ան ըսած է, որ «գնդակը Երեւանի դաշտին մէջ է»:
Զախարովա յիշեցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնը այն մասին, որ Ռուսիան բաւարարուած է ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահները ընդունելու Հայաստանի շարունակական հետաքրքրութեամբ: Մոսկուան համոզուած է, որ այդ քայլը կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման: Ե՛ւ Ռուսիան, ե՛ւ միւս դաշնակիցները պատրաստ են ատոր:
«Նման որոշումները կը համաձայնեցուին եւ կ՛ընդունուին ՀԱՊԿ-ի մէջ ու կը հաստատուին բարձր մակարդակով: Երբ հայ գործընկերները պատրաստ ըլլան, կողմերը կը կարենան վերադառնալ կազմակերպութեան դիտորդական առաքելութեան որոշակի տեսակներու ամրապնդման աշխատանքներուն», ըսած է ան:
Զախարովայի համաձայն, գնդակը Երեւանի կիսադաշտին մէջ է:


