Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 98.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 88.000 լ. ոսկի:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարութիւնը երէկ ճշդեց արաբական հացի կապին նոր սակերը: Նախարարութեան համաձայն, միջակ չափի (828 կրամ) հացի կապին սակն է 37.000 լ. ոսկի, իսկ մեծ չափի (1049 կրամ) հացի կապին սակն է 45.000 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, վառելանիւթի սակերը նուազած են: Այսպէս 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը արձանագրեց 127.000 լ. ոսկիի նուազում, 98 օքթան պենզինը` 129.000 լ. ոսկի, մազութը` 114.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 81.000 լ. ոսկի: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.827.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.871.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.634.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.166.000 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ «Օժերօ»-ի պաշտօնեաներուն կողմէ յայտարարուած եւ գործադրուած որոշումը արագ էր` աւելցնելով, որ «Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային ընկերութիւններուն հաղորդակցութեան սակերը ուղղակիօրէն կախեալ են «Սայրաֆա» հարթակէն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ Ապտել Մեսիհ յոյս յայտնեց, որ 5 ապրիլ 2023-ին տեղի ունենալիք հոգեւոր դռնփակ հանդիպումին իրենց աղօթքները հասնին պատասխանատուներու սիրտերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ Ս. Զատկուան եւ Ֆիթրի ուրախ տօներ ունենալ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան շէյխ Հասան Իզզէտտին շեշտեց, որ կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ ազգային է եւ ամբողջ Լիբանանը կը ներկայացնէ` առանց արտաքին միջամտութիւններուն ենթարկուելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հասան Մըրատ կոչ ուղղեց Սուրիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները վերահաստատելու` նկատի ունենալով շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող հաշտութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Սքաֆ յայտնեց, որ արտաքին այցելութիւնները ցարդ արդիւնաւէտ դուրս չեն եկած` աւելցնելով, որ իրենք չեն փափաքիր, որ իրենց վրայ հանրապետութեան նախագահ պարտադրուի: Սքաֆ նշեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կատարելը գերիշխանական աշխատանք մըն է, որ խորհրդարանին պատասխանատուութիւնն է եւ ոչ թէ արտաքին ուժերու կողմէ համաձայնութեան գոյացման արդիւնք:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալեց այն կասկածելին, որ 29 մարտ 2023-ին, Պէյրութի ծովեզերեայ շրջանին` «Քիծ մոնտօ»-ի մօտակայքը յարձակած էր բրիտանացի լրագրողի մը վրայ եւ փորձած բռնաբարել զայն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւնները նախագահութիւն կը մուրան այլ երկիրներէ, իսկ անոնք իրենց ժողովուրդը` ամէնէն լաւ ժողովուրդը վերածեցին մուրացկաններու եւ գաղթականներու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի Դիմադրութեան առանցքը Պաապտա չհասնի, այլ` լուրջ կերպով վարուի եւ հեռանայ նախագահական ընտրապայքարի ուղիէն:

 

 

Նախորդը

Եգիպտոսի Նախագահը Սէուտական Արաբիա Այցելելով Հանդիպում Ունեցաւ Գահաժառանգ Պըն Սալմանի Հետ

Յաջորդը

Միքաթի Նախագահեց Նախարարական Նիստի Մը Եւ Ընդունեց Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Ու Դիւանագէտներ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.