Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանը Հնդկաստանի Մէջ Հնչեցուց Հայ Հեղինակներու Գործերը

April 4, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթի երաժիշտ եւ շարք մը միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանը օրերս մենահամերգով հանդէս եկաւ Հնդկաստանի Թրիւանտրում քաղաքին մէջ` հնդիկ երաժիշտներու նուագակցութեամբ, ներկայացնելով Սայաթ Նովայի, Խաչատուր Աւետիսեանի, այլ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններն ու մշակումները: Համերգային երեկոն տեղի ունեցաւ Kerala Arts and Crafts Village-ի կազմակերպուած WOW (World of Women) կանանց տօնին նուիրուած շաբաթուան ծիրին մէջ:

Կը փափաքէի, որ «մէկ ժամէ աւելի տեւած համերգին միայն հայկական երաժշտութիւն հնչէր, սակայն, երբ այնտեղ էինք, մտածեցի, որ ճիշդ պիտի ըլլար` մէկ հնդկական գործ ներկայացնել, որ հնդիկ երաժիշտներուն նուագակցութեամբ կատարեց երգչուհի Ամռիթա Ռաճան: Կը նուագակցէին` թապլա նուագող Մահեշ Մանին, դաշնակահար Ռոհիտ Քրիշնան, Ճինշու Վարման, որ կը տիրապետէր եօթը նուագարանի` տարբեր ազգերու տարպուք, քահոն, ասալաթօ, ռէինստիք, չիմես, շաքերս, սփլեշ: Բոլորն ալ բարձրակարգ ու տաղանդաւոր երաժիշտներ էին: Ինծի հաճելի էր համագործակցիլ անոնց հետ: Չհասկնալով իրարու լեզուն` մենք խօսեցանք հոգիի եւ երաժշտութեան տիեզերական լեզուով», կը պատմէ քանոնահարուհին:

Ըստ Մարիաննային իր  նպատակն էր երաժշտութիւնը հասցնել հանդիսատեսին եւ անմոռանալի ներուժ փոխանցել: «Կրցանք գերազանցել մենք մեզ», նշեց քանոնահարուհին եւ աւելցուց, որ մարդիկ շատ ջերմ ու հիւրընկալ էին, սիրած են զինք եւ իր արուեստը, Հայաստանը: Նոյնիսկ փորձած են հաղորդակցիլ հայերէնով: Համերգի աւարտին ձեռնարկին կազմակերպիչները Մարիաննա Գէորգեանին երախտագիտութեան նամակ, շնորհակալագիր եւ մրցանակ յանձնեցին: Քանոնը հետաքրքրած է ոչ միայն հնդիկները, այլեւ` անգլիացիները: «Պանդոկին մէջ իմ հարեւաններս անգլիացի զոյգեր էին: Երբ ծանօթացանք, անոնց շատ հետաքրքրեց քանոն նուագարանը, անոնք նոյնիսկ համերգին ներկայ ըլլալու ցանկութիւն յայտնեցին, մինչդեռ տոմսերը արդէն սպառած էին: Ըսի` կու գաք, եւ ինչպէս Հայաստանի մէջ ընդունուած է, կ՛ըսէք,  որ Մարիաննա Գէորգեանի հիւրերն ենք եւ առաջին շարքը տեղեր ունիք: Այդպէս ալ ըրած էին: Շատ ուրախացայ, երբ համերգի ընթացքին նկատեցի զիրենք», յայտնեց քանոնահարուհին:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դաշնակցական Պատանին` Դաշնակցութեան Ապագան

Յաջորդը

Աւագ Շաբաթ. Անպտուղ Թզենի, Տասը Կուսանաց, Օծում Եւ Մատնութիւն

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի
Գաղութէ Գաղութ

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

September 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.