Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քըրըմ Ողջունեց «Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան Կողմէ Յայտարարուած Գործադուլին Վերջ Տալու Որոշումը

April 3, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթ օր «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան գործադիր խորհուրդը յայտարարեց, թէ որոշած է վերջ տալ իր յայտարարած գործադուլին:

Խորհուրդին կողմէ շեշտուեցաւ, որ տեղական, շրջանային եւ միջազգային առումով իրենց յայտարարած գործադուլը արձագանգ գտած է, «եւ նկատի ունենալով լիբանանեան մակարդակով անոր ունեցած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմի նախաձեռնութիւնը` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութեան նիստի գումարումի անհրաժեշտութեան մասին, որոշեցինք վերջ տալ մեր գործադուլին», ընդգծուեցաւ խորհուրդին կողմէ:

Խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պաշտօնեաներուն, որոնք յանձնառու մնացին գործադուլի որոշումին` հաստատելով, որ իրենց նիստերը բաց են` զարգացումներուն համաձայն կողմնորոշուելու եւ համապատասխան կեցուածքով հակազդելու միտումով:

Քըրըմ ողջունեց  «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան կողմէ յայտարարուած բաց գործադուլը դադրեցնելու որոշումը եւ կոչ ուղղեց, որ կառավարութիւնը անմիջական ժողով մը գումարէ:

Քըրըմ շեշտեց, որ պաշտօնէութեան ամսական աշխատավարձի յաւելումին վերաբերող որեւէ որոշում ուղղակիօրէն կապուած է կառավարութեան: Ան շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի կարենայ այս թղթածրարը իր աւարտին հասցնել:

Քըրըմ «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքային հաստատեց, որ ինք միշտ նեցուկ կը կանգնի պաշտօնեաներուն, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց գործադուլին վերջ տալու անոնց` քայլին համար:

Քըրըմ աւելցուց, որ «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան թղթածրարը այսօր պիտի քննարկուի իր եւ «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքային միջեւ գումարուելիք ժողովին ընթացքին, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ թղթածրարը իր բոլոր երեսներով քննարկել եւ ամբողջական լուծման յանգելու ընթացագիծ մը մշակել:

 

 

Նախորդը

Սայտայի Մէջ. Մարոնի Համայնքի Գերեզմանատան Սրբապղծումը Կը Յառաջացնէ Դատապարտումի Հսկայ Ալիք Մը

Յաջորդը

Քաթարցի Պատուիրակը Այսօր Կ՛այցելէ Պէյրութ, Իսկ Ֆրենժիէ Ֆրանսացիներուն Ներկայացուց Սէուտական Մտավախութիւնները Փարատող Երաշխիքներ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.