Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սայտայի Մէջ. Մարոնի Համայնքի Գերեզմանատան Սրբապղծումը Կը Յառաջացնէ Դատապարտումի Հսկայ Ալիք Մը

April 3, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթավերջին, Սայտայի մէջ մարոնի համայնքի գերեզմանատունը սրբապղծուեցաւ:

Անծանօթներ սրբապղծեցին 10 գերեզմաններ, ինչպէս նաեւ կրօնական խորհրդանիշներ:

Գերեզմանատան մէջ գործուած բռնարարքներուն մասին բացուեցաւ հետաքննութիւն, իսկ այդ արարքները յառաջացուցին դատապարտումի հսկայ ալիք մը:

Այս շրջագիծին մէջ մարոնի համայնքի Սայտայի առաջնորդ Մարուն Ամմար եպիսկոպոսը դատապարտեց Սայտայի քրիստոնեայ համայնքի գերեզմանատան սրբապղծումը` հաստատելով, որ նման արարքներ սադրանքներ կը նախապատրաստեն եւ ազգային միասնականութեան չեն ծառայեր:

Ամմար եպիսկոպոս ապահովութեան ուժերէն պահանջեց ձերբակալել յանցագործները, իսկ դատական իշխանութենէն` պատժել զանոնք:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց զօրակցութեան նպատակով առաջնորդարան այցելող բոլոր քաղաքական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք դատապարտեցին այս դէպքը, որ շրջանի բնակչութեան աւանդութիւններուն անյարիր է:

Ամմար եպիսկոպոսին այցելեցին մեծ թիւով պատասխանատու անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին` երեսփոխան Ղատա Այյուպ, Սայտայի քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտի:

Անոնք շեշտեցին, որ իրենց պատգամն է նման բռնարարքներու դէմ պայքարիլ` պահելով ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը:

Մարոնիներու լիկան իր կարգին խստիւ դատապարտեց գերեզմաններու սրբապղծումը` ընդգծելով, որ գործուած այս արարքը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի, երբ համայնքային բանավէճը սրած է:

«Կարծէք այս արարքին նպատակը ըլլայ երկիրը առաջնորդել դէպի համայնքային բախումներ, որոնցմէ կ՛օգտուին միայն արտաքին ուժեր, որոնք կը փափաքին Լիբանանի հաշուոյն իրենց շահերը իրականացնել եւ զայն իր բնիկ ժողովուրդէն պարպել», կը նշէ Մարոնիներու լիկայի հաղորդագրութիւնը:

Մարոնիներու լիկան ապահովական կառոյցներէն պահանջեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարել պէտք եղած հետաքննութիւնները` բացայայտելու համար յանցագործները եւ անոնց դէմ տնօրինելու ծանրագոյն պատիժները:

Մարոնիներու լիկան զգուշացուց, որ այս յանցագործներուն հանդէպ թոյլ վարուելակերպը պատճառ պիտի դառնայ, որ երկիրը աւելի եւս երկփեղկուի, ինչպէս նաեւ իր հետեւանքները պիտի ունենայ ազգային համերաշխութեան վրայ, որ Սայտա միշտ ալ վառ պահած է, նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն ծանր ու դաժան օրերուն:

Նշենք, որ երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրի այցելեց գերեզմանատունը, ուր սրբապծումի արարքները վկայելէ ետք հաստատեց, որ նման բռնութիւններ խստիւ մերժելի են, «իսկ նման արարքներ կատարողները պէտք է պատժուին` իմանալէ ետք այն դրդապատճառները, որոնք զիրենք մղած են նման բռնութիւն գործելու», ըսաւ ան:

Պըզրի շեշտեց, որ գերեզմանատան սրբապղծումը Սայտայի մէջ տիրող եղբայրութեան մթնոլորտին չի համապատասխաներ:

Սրբապղծումի արարքները դատապարտեցին նաեւ երեսփոխաններ Ալի Օսէյրան, Միշել Մուսա, Ուսամա Սաատ, Ֆարիտ Պուսթանի եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ  նախկին երեսփոխաններ Պահիա Հարիրի եւ Էմիլ Ռահմէ:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը 60 Միլիոն Եւրոյի Մարդասիրական Օժանդակութիւն Տրամադրեց Լիբանանին

Յաջորդը

Քըրըմ Ողջունեց «Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան Կողմէ Յայտարարուած Գործադուլին Վերջ Տալու Որոշումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.