Անցեալ շաբաթավերջին Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի ժողով մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոյի եւ ներկայութեամբ իսրայէլեան ուժերու եւ լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ Մունիր Շահատէի:
ՖԻՆԻՒԼ-ի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ զօր. Լասարօ ժողովին ընթացքին կոչ ուղղած է երկու կողմերուն, որ սահմանային Կապոյտ գիծի կայունութիւնը պահպանելու նպատակով աշխատանքները համակարգեն ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ քննարկուած է սահմանային Կապոյտ գիծին մօտ նուազ քայլեր որդեգրելու հարցը` կանխարգիլելու համար յաւելեալ լարուածութիւնը:
Զօր. Լասարօ յայտնեց, որ սահմանային գիծին վրայ իւրաքանչիւր դէպք կրնայ վտանգաւոր մագլցումի վերածուիլ` աւելցնելով, որ այդ իրավիճակին պատասխանատուութիւնը կը ստանձնեն երկու կողմերը:
Զօր. Լասարօ ակնարկելով թիւ 2650 բանաձեւին ընդգծեց, որ բոլոր կողմերը պէտք է յանձնառու մնան սահմանային Կապոյտ գիծին դէմ որեւէ խախտում կասեցնելու:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ լիբանանեան կողմը անդրադարձած է ամէնօրեայ դրութեամբ գործուող իսրայէլեան օդային, ծովային եւ ցամաքային ոտնձգութիւններուն:
Լիբանանեան բանակը կը հաստատէ իր հողերուն վրայ թշնամիին կառուցած պատը քանդելու իր յանձնառութիւնը` ակնարկելով այն պատին, որ կառուցուած է իսրայէլեան ուժերուն կողմէ` Լիբանան-բռնագրաւուած Պաղեստին գնացքի փապուղիին արեւելեան մուտքին կողմը:
Բանակը վերահաստատած է նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան իր յանձնառութիւնը եւ կոչ ուղղած է ՄԱԿ-ին Իսրայէլի վրայ ծանրագոյն ճնշումը բանեցնելու, որպէսզի ան վերջ տայ թշնամական իր քայլերուն:
Լիբանանեան բանակը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ թշնամի Իսրայէլը նահանջէ լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն` Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ Ղաժարի հիւսիսային շրջանէն:


