Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Կացութիւնը Յղի Է Լուրջ Ապակայունացումով» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

April 1, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթով 31 մարտին քարտուղարութեան ղեկավար կազմի եւ ՀԱՊԿ-ի միացեալ սպայակոյտի բարձրագոյն սպայակոյտի ընդլայնուած նիստի ընթացքին յայտարարած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կացութիւնը կը շարունակէ յղի ըլլալ լուրջ ապակայունացումով: Այս մասին կը գրէ պիելոռուսական «Պելթա» կայքը:

Անոր համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող կացութեան առնչուած վտանգները կը մնան արդիական:

«Թուարկուած ճգնաժամային կացութիւններու կարգաւորումը կը բարդանայ անվտանգութեան ոլորտին մէջ միջազգային պայմանագիրներու համակարգի փաստացի քայքայումով, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու վրայ գործադրուող ուժեղ պատժամիջոցներով եւ քարոզչական ճնշումներով: Բայց եւ այնպէս, մարտահրաւէրներու բնոյթը կը պահանջէ անդամ երկիրներու կողմէ համակարգուած քայլեր` ուղղուած կազմակերպութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման», ընդգծած է ընդհանուր քարտուղարը:

Միեւնոյն ժամանակ ան նշած է անդամ երկիրներու անվերապահ հաւատարմութիւնը հաւաքական անվտանգութեան շահերուն եւ ընդհանուր վճռականութիւնը` կիրարկելու մշակուած միացեալ մեքանիզմները վերը նշուած եւ այլ խնդիրներու լուծման համար:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան բանբեր Եուրի Շուվալով յայտնած է, որ ՀԱՊԿ-ն պատրաստ է առաքելութիւն ուղարկելու հայ-ազրպէյճանական սահման` «Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման եւ օգնութիւն ցուցաբերելու համար»:

Նախորդը

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Լրագրութեան Մէջ Լուսանկարին Դերակատարութեան

Յաջորդը

Զախարովա. «Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի` Հռոմի Կարգավիճակի Վերաբերեալ Որոշումը Քննարկման Առարկայ Է Բարձր Մակարդակի Հաղորդակցութիւններու Ժամանակ»

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.