Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն

April 1, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական Ուաշինկթընը Ազրպէյճանի ուղղութեամբ կատարած յայտարարութիւններուն ոչ միայն ոճային փոփոխութիւն ներառած է, այլ նաեւ բովանդակային: Այս վարկածը սուր կերպով ընդգծուեցաւ, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը, խօսելով համաձայնագիրի «մօտալուտ» ըլլալուն մասին, հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները ոչինչ կը պարտադրեն Հայաստանին: Աւելի՛ն. շատ անբովանդակ ձեւով խօսեցաւ Ղարաբաղի ազգութեամբ հայերու իրաւունքներուն մասին:

Ոչ շատ առաջ Միացեալ Նահանգները հասցէական եւ պահանջներով յատկանշուող յայտարարութիւններ կը հրապարակէին Ազրպէյճանի նկատմամբ: Հիմա յստակ է, որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ կայ ակներեւ փոփոխութիւն:

Կանխահաս չէ հաւանաբար նկատելը, որ ասոր դիմաց Մոսկուան է, որ հասցէականութիւն կը ներառէ իր յայտարարութեան մէջ: Արցախի շփման գիծը խախտած ըլլալու մեղադրանքը կայ Ռուսիոյ պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ուղղուած Պաքուին:

Ետ-առաջ այս խաղը պարզապէս շրջանին մէջ ռուսական գործօնին կը վերաբերի: Արցախի մէջ շփման գիծ խախտելը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հարուածել խաղաղապահ առաքելութիւն ստանձնած Մոսկուայի հեղինակութիւնն ու ազդեցիկութիւնը: Հրադադարի եւ ընդհանրապէս համաձայնեցուած շփման գիծի խախտումը նոյեմբեր 9-ի գործնական չեղեալ նկատման քայլ է. այլ խօսքով, ռուսական երաշխաւորութեան եւ միջնորդութեան չեղեալ նկատումը:

Այս առաջադրանքը, կամ ընդհանրապէս ռուսական գործօնի տարածաշրջանէն դուրս մղումը կը հետապնդէ հաւաքական Արեւմուտքը: Պաքուն այս քայլով պարզապէս ջուր կը լեցնէ այդ ջաղացքին` փաստ տրամադրելով, որ ռուսական խաղաղապահութիւնը չի յաջողիր: Պարզ չեն տակաւին այլընտրանքային խաղաղապահութեան մասին Պաքուի մօտեցումները: Հոն ջրբաժան է նաեւ Արեւմուտքի հետ անպայման:

Համահունչ դիրքորոշում կար նաեւ Պայտընին Ալիեւին ուղղած գրաւոր ուղերձին մէջ, թէ Միացեալ Նահանգները հանդէս կու գան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան օգտին: Միացեալ Նահանգներ կը վերահաստատէին իրենց աջակցութիւնը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան, որ պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի ապագայ սերունդներու անվտանգութեան ու բարգաւաճման:

Աւելի շեշտակի էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբերին յայտարարութիւնը Արցախի մէջ Պաքուի կատարած ոտնձգութիւններուն առիթով: Պարզապէս մտահոգութիւն փոխանցուած է զինուորական տեղաշարժերուն նկատմամբ: Չկայ հասցէականութիւն. մանաւանդ պահանջ` շփման գիծը վերականգնելու:

Տակաւի՛ն. Ուաշինկթընի նախաձեռնած յանուն ժողովրդավարութեան վեհաժողովի հռչակագիրը ոչ մէկ ակնարկ կը կատարէր հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներու դէմ Ազրպէյճանի կատարած ներխուժումին կամ Բերձորի միջանցքի բացումին: Այս պահանջները նախապէս հասցէականութեան ընդգծումով հնչած էին Միացեալ Նահանգներու տարբեր ատեաններէն: Արձանագրելով հանդերձ, որ ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան հիմնարար սկզբունքներով` բոլոր պետութիւնները իրենց միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է զերծ մնան որեւէ պետութեան տարածքային ամբողջականութեան կամ քաղաքական անկախութեան դէմ ուժի սպառնալիքէն կամ կիրարկումէն եւ իրենց միջազգային վէճերը պէտք է կարգաւորեն խաղաղ միջոցներով, հռչակագիրը կը շրջանցէր Ազրպէյճանի ներխուժումն ու ցեղային զտում առաջադրող քաղաքականութիւնը դատապարտելը: Առանց մոռնալու, «Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ կատարած յարձակումը եւ անոր սարսափելի հետեւանքները»:

Յատկապէս Թուրքիոյ երկրաշարժէն ետք, Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւնները նախկին մերձեցման տեսքով չեն: Անգարան Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան բանակցութիւնները սկսելու համաձայնութիւն տուած է: Դադրած է արեւմտեան ապրանքներու Թուրքիոյ ճամբով Ռուսիա ուղարկելը: Թրքական օդակայաններուն մէջ վառելանիւթ չեն տրամադրեր արդէն ռուսական եւ պիելոռուսական օդանաւերուն:

Այս հանգամանքները նկատի պէտք է ունենալ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութիւններուն նկատմամբ Ուաշինկթընի հրապարակած յայտարարութիւններու բովանդակային եւ ոճային փոփոխութիւններուն շարժառիթները քննարկելու ընթացքին:

«Ա.»

Նախորդը

Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի

Յաջորդը

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեան Ձերբակալուեցաւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.