Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ գլխաւոր մարզիչ Եուլիան Նակելսմանը:
Անոր փոխարէն նոր մարզիչ նշանակուեցաւ գերմանացի Թոմաս Թուխել:
Պայէրնի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ կազմին ղեկավարութիւնը դժգոհ է «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն խումբին արձանագրած արդիւնքներէն:
49 տարեկան Թուխել, որ մինչեւ 30 յունիս 2025 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ, իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ հինգշաբթի, 27 մարտին:
Նշենք, որ Թուխելի վերջին ակումբն էր Չելսին, ուրկէ ան հեռացաւ սեպտեմբեր 2022-ին:


