Ֆրանսացի 29 տարեկան յետսապահ Սամուէլ Ումթիթի կ՛ուզէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Պարսելոնայի հետ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Ումթիթի, որ 2016-ին միացաւ Պարսելոնային, նախորդ տարի քաթալոնական կազմէն փոխ տրուեցաւ իտալական կազմին, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Մարզական մամուլին մէկ մասը կը յայտնէ, որ շատ հաւանաբար Պարսելոնա երկարաձգէ անոր պայմանագրութիւնը, սակայն ան դարձեալ փոխ տրուի այլ ակումբի, մինչ այլ լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ հաւանաբար Պարսա անոր հետ իր համագործակցութիւնը դադրեցնէ:


