Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Իսրայէլի Մէջ Զարգացումներուն Նկատմամբ Խոր Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Փոխզիջումնային Լուծում Գտնելու

March 28, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց Իսրայէլի մէջ վերջին զարգացումներուն նկատմամբ եւ կոչ ուղղեց փոխզիջումնային լուծում գտնելու:

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ատրիան Ուաթսըն յայտնեց. «Խոր մտահոգութիւն կը զգանք Իսրայէլի մէջ իրադարձութիւններուն նկատմամբ, որոնք անգամ մը եւս կը հաստատեն փոխզիջումնային լուծում գտնելու հրատապ կարիքը»: Ան նշեց. «Ժողովրդավարական արժէքները միշտ եղած են եւ պէտք է մնան Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու յատկանիշը»:

«Ժողովրդավարական հասարակութիւնները զսպիչ արգելքներու եւ հաւասարակշռութիւններու ճամբով կ՛ամրապնդուին», ըսաւ Ուաթսըն` աւելցնելով. «Ժողովրդավարական համակարգի հիմնական փոփոխութիւնները պէտք է կատարուին ժողովրդային կարելի եղածին չափ լայն աջակցութեան հիմի վրայ»:

«Կը շարունակենք իսրայէլացի ղեկավարները յորդորել կարելի եղածին չափ շուտ փոխզիջումի յանգելու: Կը կարծենք, որ ասիկա Իսրայէլի եւ անոր բոլոր քաղաքացիներուն համար լաւագոյն ուղին է», ըսաւ ան:

Իսրայէլի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանը իր կարգին յայտարարեց. «Մօտէն կը հետեւինք իրադարձութիւններուն, եւ մտահոգ ենք իսրայէլեան հասարակութեան մէջ մեր տեսած ճեղքէն»:

«Արապիա» երէկ հաղորդեց, որ ցուցարարներ կը ծրագրեն կէսօրէ ետք Քնեսեթը շրջափակել, իսկ «Ժազիրա» հաղորդեց, որ ոստիկանութիւնը փակած է Երուսաղէմի մէջ դէպի Քնեսեթ տանող ճամբաները: Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկ կառավարութեան կոչ ուղղեց «անմիջապէս դադրեցնելու օրէնսդրական հոլովոյթը արդարադատական համակարգը բարեփոխելու ծրագիրին, որ երկրին մէջ պառակտում կը յառաջացնէ»:

Նշենք, որ Իսրայէլի մէջ արդարադատական բարեփոխումներու դէմ բողոքի ցոյցերը մագլցում կ՛արձանագրեն: Կիրակի օր հարիւրաւոր ցուցարարները հասած են Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի տան եւ Իսրայէլի խորհրդարանին` Քնեսեթի մօտ, այդ պատճառով ալ ոստիկանութիւնը կորսնցուցած է կացութեան վրայ վերահսկողութիւնը:

Անոնք այդ քայլին դիմեցին, որովհետեւ Նեթանիահուի կառավարութիւնը որոշեց պաշտօնազրկել արդարադատական բարեփոխումներու որդեգրումի առկախման զօրակցող պաշտպանութեան նախարար Եոաֆ Կալանթը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ Նեթանիահուի գրասենեակէն աղբիւրներ մէջբերելով հաղորդեցին, որ Նեթանիահու իր գրասենեակը հրաւիրած է Կալանթը եւ անոր յայտնած է, որ իր նկատմամբ վստահութիւնը կորսնցուցած է, երբ անոր արտերկիր քաղաքական այցելութեան մը ընթացքին ու շաբաթավերջին կառավարութեան ու կառավարական դաշինքին դէմ գործած է»:

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնազրկումէն ժամեր ետք, Նիւ Եորքի մէջ Իսրայէլի ընդհանուր հիւպատոսը յայտարարեց, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ այս դէպքերէն ետք մտահոգութիւն յայտնած են տիրող կացութեան ու քաղաքական տագնապին նկատմամբ` աւելցնելով. «Ասիկա Նեթանիահուին մեզի խոստացած ղեկին տիրապետումը չէ, եւ վարչապետը կորսնցուցած է վերահսկողութիւնը»:

Մինչ Իսրայէլի մէջ ընդհանուր գործադուլ կատարուեցաւ եւ մինչեւ իսկ «Պեն Կորիոն» օդակայանը դադրեցաւ գործելէ, երէկ Թել Աւիւի ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ դարձեալ բախումներ տեղի ունեցան: Նշենք, որ քաղաքապետարանները միացան գործադուլին, եւ «Մաքտոնալտզ»-ը փակեց երկրի տարածքին իր բոլոր մասնաճիւղերը:

Քնեսեթի մէջ իսրայէլեան ընդդիմութեան` կառավարութեան նկատմամբ անվստահութիւն քուէարկութիւն կատարելու առաջարկը 53 թեր եւ 59 դէմ քուէներով մերժուեցաւ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ 97-88 Արդիւնքով Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Վերադարձաւ Զահլէէն

Յաջորդը

Պոկտանով. «Ռուսիա-Սուրիա-Թուրքիա-Իրան Հանդիպումը Կրնայ Ապրիլի Սկիզբը Տեղի Ունենալ»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.