Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով խորհրդակցութիւնները կրնան ապրիլի սկիզբը տեղի ունենալ Մոսկուայի մէջ:
Պոկտանով «Սփութնիք»-ին արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով այդ խորհրդակցութիւններուն մասին հարցումին պատասխանելով ըսաւ. «Մենք մօտ օրէն կը պատրաստուինք»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարին կարծիքով` այդ խորհրդակցութիւնները տեղի պիտի ունենան ապրիլի սկիզբը Մոսկուայի մէջ` նախապատրաստելու համար նախարարական ժողովը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը անցեալ շաբաթ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ կացութիւնը եւ ընդգծեցին Անգարայի ու Դամասկոսի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Քրեմլին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Անդրադարձանք Սուրիոյ խնդիրին եւ ընդգծեցինք թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթի շարունակման կարեւորութիւնը»: Էրտողան մատնանշած է «այդ ուղղութեամբ Ռուսիոյ միջնորդական շինիչ դերը»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նախապէս յայտարարած էր, որ ռուսական կողմը առաջարկած է յետաձգել Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ պատուիրակութիւններու հանդիպումը, եւ Անգարա համաձայն գտնուած է այդ առաջարկին:
Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» պատկերասփիւռի կայանը նախքան այդ հաղորդած էր, որ Մոսկուայի մէջ վերոնշեալ պատուիրակութիւններու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 15-16 մարտին, սակայն թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը աւելի ուշ հաղորդեց, որ պատուիրակութիւններու հինգշաբթի օր նախատեսուած հանդիպումը յետաձգուած է թեքնիք պատճառներով:


