Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 23, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 110.000 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 2.064.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 2.112.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.937.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.360.000 լ. ոսկի:

ՏԱՐ Ֆաթուա յայտարարեց, որ ռամատան ամսուան առաջին օրը այսօրուան կը զուգադիպի:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ ռամատանի ընթացքին տնօրէնութիւնը պիտի դադրի ուրբաթ օրերը կենսաչափական անցագիրներուն դիմումնագիրները ընդունելէ:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական եւ տեղական զարգացումները, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հարցը: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի կարեւորութիւնը եւ այդ քայլը իրականացնելու համար միջազգային ընտանիքին զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ հանդիպում մը ունեցաւ «Ալֆա»-ի եւ «Թաչ»-ի տնօրէնութիւններուն հետ եւ անոնցմէ պահանջեց 7,5 տոլար արժողութեամբ կանխաւ վճարուած քարտերուն պարագային, 30 օրուան ընթացքին  30 վայրկեան տեւողութեամբ ձրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տրամադրել:

ՆԱՒԹԻ ներածման ընկերութիւններու համախմբումի նախագահ Մարուն Շամմաս երէկ առաւօտեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ պահանջուած է հիմնել հարթակ մը, որուն միջոցով կարելի ըլլայ վառելանիւթի սակերը փոփոխութեան ենթարկել` ամերիկեան տոլարի սակերուն փոփոխութեան համապատասխան: Ան դիտել տուաւ, որ մինչեւ ելեկտրոնային նման հարթակ մը ստեղծելը, անհրաժեշտ է տոլարայնացնել վառելանիւթի մարզը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի զգուշացուց խորհրդարանը վերածելէ արտաքին ուժերու կողմէ որդեգրուած որոշումներ վաւերացնելու խորհուրդի մը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Քերիմ Քապպարա մտահոգութիւն յայտնեց այն իրականութեան համար, որ երկիրը փլուզումի փուլէն անցած է քաոսի փուլ:

«ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր Հըզպալլայի եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքին հետ հանդիպումներ ունեցած է, սակայն այս չի նշանակեր, թէ Հըզպալլան համոզուած է նախագահական ընտրութեան Ազուրի թեկնածութեամբ:

Նախորդը

Իսրայէլ Դարձեալ Յարձակում Կը Գործէ Հալէպի Միջազգային Օդակայանին Վրայ

Յաջորդը

Փետրուար Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 25,52 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրած Են

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.