Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի 95-Ամեակ. Մարտահրաւէրներ

March 23, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Համազգայինի 95-ամեակի յօդուածաշարքին վերջինը յատկացուցած եմ Համազգայինի մարտահրաւէրներուն:

Համազգայինի պատմականը եւ ձեռքբերումները մատնանշելով, բնականաբար, տեսանք, կարդացինք եւ տեղեակ եղանք, թէ տասնեակ տարիներու ընթացքին ինչպէ՛ս աշխատած եւ գործած է Համազգայինը տարբեր գաղութներու մէջ եւ Հայաստանի անկախութենէն ետք Հայաստանի եւ աւելի ուշ Արցախի մէջ:

Բազմաբնոյթ այս աշխատանքը անպայմանօրէն իր հետքն ու դրոշմը ձգած է գաղութներու գոյատեւման, մշակութային կեանքի բարգաւաճման եւ մանաւանդ սերունդներու դաստիարակութեան վրայ:

Բայց եւ այնպէս, այս բոլորին կողքին, կարելի չէ չանդրադառնալ հետեւեալ մարտահրաւէրներուն.

Ա.- Լիբանանի եւ Մարսէյի ճեմարաններուն յատուկ գուրգուրանքի եւ բարգաւաճման կարեւորութեան: Այսօր ճեմարանները սերունդէ սերունդ իրենց դերը ունեցած են, եւ այդ ջահը բարձր պահելը, ճառագայթող պահելը եւ փայլուն կառոյցի վերածուելու հրամայականը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլան:

Յատուկ գուրգուրանքը կը նշանակէ, որ պէտք է  առաջնահերթ ըլլայ անոր տնտեսական եւ կրթական կարիքներուն հասնիլը: Ուշադիր եւ խստապահանջ ըլլալ Ճեմարանի ոգիի պահպանման:

Բ.- Հրատարակչական մարզի մէջ դասագիրքերը նախապէս Համազգայինի հրատարակչականի նախաձեռնութեամբ կ՛ըլլային ոչ միայն Միջին Արեւելքի, այլ նաեւ Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու մէջ: Արեւմտահայերէն դասագիրքերու հրատարակութեան կազմակերպման, համադրման եւ հրատարակութեան աշխատանքը պէտք է Համազգայինի հրատարակչական կարեւոր գործերէն մէկը ըլլայ:

Անհատական նախաձեռնութիւններով Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի ու Ամերիկաներու մէջ դասագիրքեր կը պատրաստուին եւ կը տարածուին: Բոլոր գաղութներուն համար դասագիրքեր պատրաստելու առաքելութիւնը Համազգայինին առաքելութիւնն է:

Հայ գիրքի տարածման նոր ձեւերու որդեգրումը եւս պէտք է առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մէկը ըլլայ:

Գ.- Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակները պէտք է ստանձնեն Հայաստան-սփիւռք կապի սերտացման նախաձեռնութիւններու համակարգումի դերակատարութիւն: Համազգայինը պէտք է ունենայ բազմաբնոյթ նպատակներու ծառայող սրահի կարելիութիւն, ուր սփիւռքահայ մտաւորականը, երաժիշտը, հեղինակը, դերասանը կամ գծագրիչը առիթ պիտի ունենան հայրենիքի մէջ իրենց գործերը ներկայացնելու կամ այլ ծրագիրներ մշակելու: Պէտք է նաեւ Երեւանէն դուրս կատարուող նախաձեռնութիւններուն հովանաւորութիւնը ստանձնէ, անշուշտ` գիտաժողովներու եւ հրատարակչական աշխատանքներու կողքին:

Հիմա, որ սփիւռքի նախարարութիւնը չէզոքացուած է, բոլոր ժամանակներէն աւելի Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակները փառատօներ կազմակերպելու, համասփիւռքեան, Հայաստան-սփիւռք կապի սերտացման աշխատանք պէտք է տանին:

Դ.- Ֆորումը ունենայ նոր ձեւ եւ որակ, որպէսզի աւելի մեծ թիւով երիտասարդներ հետաքրքրէ:

Ե.- Կազմակերպական առումով, նոր կանոնագիրի մշակումը արդէն անհրաժեշտ դարձած է: Անդամներուն երիտասարդացման օրակարգը կը մնայ առաջնային` լճացման վտանգը կանխարգիլելու համար:

Փաստօրէն սփիւռքի մէջ մշակոյթի զանազան մարզերուն մէջ մեծ կարելիութիւններ կան, եւ համակարգող, համադրող, նախաձեռնող եւ հեռանկար ճշդող միութիւնը Համազգայինը կրնայ ըլլալ:

Իբրեւ մշակութային միութիւն` Համազգայինը մտաւորականներով եւ արուեստագէտներով շրջապատուած պէտք է ըլլայ: Համազգայինը միայն վարչական կազմակերպչական գործ չէ: Հայ մտաւորականը, կրթական մշակը եւ արուեստագէտը պէտք է Համազգայինի ընտանիքին մօտ զգան: Իսկ երիտասարդութիւնը կամ երիտասարդականացումը կը շարունակէ մնալ հրամայական:

Գաղութներու պահպանման, զարգացման ու գոյատեւման կարեւոր օղակներէն մէկը Համազգայինը կրնայ ըլլալ, եւ այս իմաստով անյետաձգելի է նշուած մարտահրաւէրներուն ընդառաջ օրակարգեր կազմելն ու համապատասխան մարդուժ պատրաստելը:

 

 

 

 

Նախորդը

Շրջափակման Պատճառով Արցախի Տնտեսութեան Հասած Է 190 Միլիոն Տոլարի Վնաս, 9800 Անձեր Անգործ Մնացած Են

Յաջորդը

«Եւրօ-2024». Այսօր` Իտալիա-Անգլիա Հետաքրքրական Ճակատում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.