Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Տոլարի Ոստումները Ցնցեցին Լիբանանը

March 22, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տնտեսական տագնապը կը յամենայ, իսկ լիբանանցին, որ երկրաշարժի ցնցումներէն ետք տակաւին ինքզինք չէ գտած ու մնայուն կերպով կ՛ունենայ ցնցումներու զգացումը, երէկ ապրեցաւ այլ տեսակի ցնցումներ, երբ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին ոստումները անհամեմատ ելեւէջ մը կատարեցին:

Պէտք է ըսել, որ առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն տոլարին արժեգինը սկսաւ բարձրանալ, եւ մինչեւ կէսօրէ ետք աւելի քան 20 հազարի բարձրացում արձանագրեց, մինչեւ որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ յստակ կերպով կարելի եղաւ նշմարել տոլարի փոխարժէքին նուազումը:

Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Կեդրոնական դրամատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ռիատ Սալամէի որոշումով «Սայրաֆա»-ի հարթակին վրայ տոլարի փոխարժէքը 90.000 լ. ոսկի է, եւ անոր հիման վրայ Կեդրոնական դրամատունը շուկայէն պիտի գնէ լիբանանեան դրամը:

Կեդրոնական դրամատան տուած որոշումին հիման վրայ լիբանանցիները կրնան Ա. կարգի լումայափոխներէն կամ գործող դրամատուներէն գնել ամերիկեան տոլարը`  «Սայրաֆա»-ի հարթակին ճշդած սակով:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ գործադուլի իրենց որոշումին վերջ տուող դրամատուները իրենց կարգին կրնան մասնակցիլ այս գործառնութեան:

Երեկոյեան Դրամատուներու միութիւնը յայտարարեց, որ կ՛առկախէ իր գործադուլը:

«Այս որոշումին նպատակն է սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին արձանագրած ոստումներուն վերջ տալ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Միւս կողմէ, քաղաքացիներ տարբեր շրջաններու մէջ ճամբաներ փակեցին` բողոքելով տոլարի սակի բարձրացումին, ինչպէս նաեւ արձանագրուող սղաճին դէմ:

Ճամբաները փակուեցան Պէյրութի մէջ` Քոլա, Քասքաս, Քոռնիշ Մազրաա, Թարիք Ժտիտէ, էշրեֆիէ, Շիյահ, Պարպիր, ինչպէս նաեւ Ժիէի մայրուղին, Տուրես մայրուղին, Ապտէի հրապարակը, Սուր-Նաքուրա մայրուղին, Սաատնայէլ, Պաալպեք-Շթորա մայրուղիները, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի մայրուղին:

Նշենք, որ կէսօրին դեղագործներու սենտիքան իր կարգին յայտարարեց, որ դեղարանները անմիջապէս պէտք է փակեն իրենց դռները, սակայն երեկոյեան ժամը 5:00-ին դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ճօ Սալլում յայտնեց, որ Լիբանանի դեղագործներու սենտիքային եւ դեղորայք ներածողներու սենտիքային միջեւ ստորագրուած է համաձայնագիր մը, որուն համաձայն դեղորայքը դեղարաններուն  պիտի յանձնուի օրինաւոր կերպով եւ յստակ գործիքակազմով:

Սալլում կոչ ուղղեց դեղարաններուն իրենց դռները բանալու այսօրուընէ սկսեալ, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւագոյն կերպով ծառայել քաղաքացիներուն:

Իրենց կարգին, վառելանիւթի կայարաններն ու պիւթակազ ցրուողները պահանջեցին իրենց մարզերուն տոլարայնացումը:

Այս շրջագիծին մէջ վառելանիւթ ցրուող ընկերութիւններու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ միայն 12 ժամ ունին որոշելու համար, թէ վառելանիւթի մարզը պիտի տոլարայնացուի, այլապէս իրենք պիտի տոլարայնացնեն զայն:

Նախորդը

Կիպրոսի Մէջ. Միքաթի Շնորհաւորեց Նախագահ Խրիսթոտուլիտեսը

Յաջորդը

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Դաշնակցական Պատանիներու Զօրակցական Ջահերթ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.