Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի Խօսքը` Համազգայինի 95-Ամեակի Անդրանիկ Հանդիսութեան Առիթով

March 21, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգային Հայ կրթական ու մշակութային միութեան հիմնադրութեան յոբելենական այս հանդիսութիւնը կատարեցինք հայութեան համար ամէնէն դժնդակ ու օրհասական օրերուն:

Շրջափակման մէջ է հայրենի Արցախը: Տակաւին չենք թօթափած մարդկային ու հողային ահաւոր կորուստներու տագնապը: Հայրենի բնակչութեան նկատառելի մաս մը անտարբեր է արցախահայութեան ճակատագիրին նկատմամբ: Քաղաքատնտեսական ահռելի տագնապի մէջ է սփիւռքի կարեւորագոյն գաղութներէն` լիբանանահայութիւնը: Նոյնպիսի կացութեան մէջ է մայր գաղութը` հալէպահայութիւնը, որ այժմ կը կրէ նաեւ աղէտալի երկրաշարժին պատճառած տառապանքը: Տնտեսական դժուարութիւններ, բայց մանաւանդ, իւրաքանչիւր սերնդափոխութեան հետ, ազգային արժեհամակարգէ հեռանալու եւ ուծանալու վտանգը առաւել կամ նուազ չափով կը դիմագրաւեն սփիւռքահայ գրեթէ բոլոր գաղութները: Հայախօսութիւնը աղէտալի անկումի մէջ է:

Ահա՛ այս մարտահրաւէրներու գիտակցութեամբ է, որ Համազգայինը այսօր Լիբանանի մէջ կը սկսի իր  հիմնադրութեան 95-ամեակի համագաղութային հանդիսութիւններու շարքին:

Բայց միթէ պայմանները աւելի՞ ձեռնտու եղած են 95 տարիներ առաջ, երբ մեր լուսամիտ հիմնադիրները, Հայոց ցեղասպանութենէն ընդամէնը 13 տարիներ ետք, երբ տակաւին չէր իսկ ձեւաւորուած կազմակերպ սփիւռքը, Համազգայինի հիմնադրութեամբ, մտայղացան Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը ի մի հաւաքել հայ դպրութեան ու մտքի արգասիք` հայ մշակոյթին շուրջ:

Միթէ աւելի՞ ձեռնհաս մարդիկ կային ամէնուրեք, ուր, «օտար-ամայի ճամբէքի վրայ», Համազգայինի նոր կառոյց կը հիմնուէր գրեթէ ամէն տեղ, ուր կեանքի պայմաններու բերումով բուռ մը հայութիւն կը համախմբուէր:

Եւ վերջապէս, օրինակ բերելով Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին կեանքէն, միթէ աւելի՞ խաղաղ ու տնտեսապէս բարւոք էր լիբանանեան հայրենիքին քաղաքատնտեսական կացութիւնը, երբ Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն առընթեր, օրուան վարչական պատասխանատուները մտայղացան ու կազմակերպական կուռ աշխատանքով ու օրինակելի նուիրաբերումով հիմնադրեցին ու քար առ քար կառուցեցին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ ապա` «Նիկոլ Աղբալեան» մշակութային կեդրոնները, որոնց մէջ կեանք հաստատած կրթական կառոյցներուն  ու գեղարուեստական խումբերուն ելոյթները կը վայելենք այսօր այստեղ, վաղը` ամէնուրեք:

Համազգայինը կեանք է ու կենսակերպ: Համազգայինը հայահաւաք կազմակերպութիւն է, այլ խօսքով` կազմակերպուած հաւաքականութիւն, որուն շուրջ կը հաւաքուին բոլոր անոնք, որոնք որոշած են հայօրէն ապրիլ այս կեանքը: Հայօրէն ապրիլ կը նշանակէ համախմբուիլ հայ մշակութային արժէքներուն շուրջ, սերտել եւ իւրացնել զանոնք ու անոնց մտերմութեան մէջ շարունակել ո՛չ միայն ապրիլ, այլ նաեւ` ապրեցնել:

Համազգայինը առաքելութիւն է: Անոր առաքեալներն են բոլոր անոնք, որոնք կը դաւանին հայոց ազգային մշակոյթի արժէքներուն եւ ջանք ու քրտինք չեն խնայեր կազմակերպական զանազան կառոյցներու մէջ բեղուն գործունէութիւն ծաւալելու:

Համազգայինը նուիրաբերութիւն է: Անոր նուիրաբերողները գիտակից ու ձեռնհաս հայ մեծահարուստներն են, որոնք խորապէս կը գիտակցին Համազգայինի հայապահպան ու մշակութատարած  առաքելութեան եւ անվերապահօրէն կը վստահին անոր: Համազգայինի նուիրաբերողները նաեւ մենք բոլո՛րս ենք, եւ մեր հաւաքական նուիրաբերութիւնը նոյնպէս մեծ դերակատար է Համազգայինի ծրագիրներու յաջողութեան մէջ:

Համազգայինը յանձնառութիւն է: Անոր յանձնառուներն են բոլոր անոնք, որոնք կը ծառանան քիչ առաջ նշուած բոլոր դժուարութիւններուն դէմ եւ հիմնադիր սերունդէն իսկ կտակուած տոկուն կամքով ու հաւատքով կը շարունակեն համազգայնականի իրենց կեանքն ու աշխատանքը:

Եւ վերջապէս, Համազգայինը երիտասարդութիւն է: Համազգայինի տարբեր երկիրներու` տարբեր դպրոցներու, երգչախումբերու, պարախումբերու, թատերախումբերու, նուագախումբերու թէ կերպարուեստի խումբերու մէջ հաւաքուած մեր աննման պատանիներն ու երիտասարդները հիմքը կը կազմեն տարեց, բայց ոչ ծեր այս հոյակապ միութեան, առանց որուն մեր հաւաքական կեանքը վաղուց գունաթափած ու հաւանօրէն նոյնիսկ ընդհատուած պիտի ըլլար:

Յանուն Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան, 95-ամեակի յոբելենական անդրանիկ ձեռնակի այս բեմէն կ՛ողջունեմ մեր աշխարհատարած 19 շրջաններու վարչական կառոյցներն ու համազգայնական շարքերը` Արցախէն Հայաստան, Աւստրալիայէն Ամերիկաներ ու Քանատա, Եւրոպայէն Միջին Արեւելք: Կ՛ողջունեմ Համազգայինի ճեմարաններու թէ այլ հաստատութիւններու տնօրէնները, աշխատակազմերը, ուսուցիչներն ու աշակերտները, մեր գեղարուեստի խումբերու ղեկավարներն ու անդամները եւ կը մաղթեմ  նոր ոգեւորութիւն ու նոր ձեռքբերումներ:

Կը շնորհաւորեմ  նաեւ հայրենի թէ սփիւռքի բոլոր հայորդիները, որոնց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, կեանքի այս կամ այն պահուն, Համազգայինի իրագործած այս կամ այն մշակութային ձեռնարկին ճամբով լուսաւորող մոմ մը վառած ըլլայ:

Այս առիթով կը խոնարհինք բոլոր այն համազգայնականներու յիշատակին առջեւ, որոնք, խոր համոզումով ու նուիրումով համախմբուելով Համազգայինի շուրջ, անոր միջոցով շունչ տուին մեր հաւաքական գոյութեան. իմաստ ու նշանակութիւն` մեր կրթական ու մշակութային կեանքին:

Յաճախ կրկնուած ճշմարտութիւն է, որ ամեակները` իբրեւ տարիներու ամբողջութիւն, իրենց մէջ ոչինչ ունին նոր: Անհատներն ու հաւաքականութիւններն են, որոնք նման առիթներով պիտի վերարժեւորեն անցեալը, քննեն ներկայի մարտահրաւէրները, անհրաժեշտութիւններն ու հնարաւորութիւնները եւ ուրուագծեն ապագան:

Այս ճշմարտութիւնը ամբողջապէս ցուցանիշ է նաեւ 95-ամեայ Համազգայինին համար, որպէսզի ամրանայ մեր ազգային կենսակերպը, իրականանայ մեր առաքելութիւնը, ուժական դառնայ մեր նուիրաբերումի ոգին ու գիտակցումը, վերանորոգուի մեր յանձնառութիւնը եւ առաւել երիտասարդանան մեր շարքերը:

Որպէսզի անսասան մնայ Համազգայինի առաքելատիպ հիմնադիրներու տեսլականը ու հայը շարունակէ կարեւորութիւն ընծայել իր կրթական մակարդակին ու տէրն ու կրողը մնայ իր դարաւոր մշակոյթին:

Նախորդը

Համազգայինի 95-Ամեակի Հանդիսութեան Օրուան Բանախօս Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Լիբանանահայ Պատանիներու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.