Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասատ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Այցելեց. Տնտեսութիւնը` «Քննարկումի Մեծագոյն Առանցքը»

March 20, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կիրակի օր պաշտօնական այցելութեամբ անակնկալ կերպով հասաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր հանդիպում ունեցաւ իր պաշտօնակից Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ:

Սուրիոյ նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ապու Տապիի մէջ նախագահական օդակայանին մէջ Ասատը դիմաւորած է երկրի նախագահ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիան, եւ միասնաբար ուղղուած են մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ նախագահական պալատ` բանակցութիւններու սկսելու համար:

Պըն Զայետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Սուրիոյ նախագահին հետ կառուցողական բանակցութիւններ վարեցինք` աջակցելու եղբայրական յարաբերութիւններուն եւ զանոնք զարգացնելու` ի շահ երկու երկիրներուն»:

«Աշխատանք կը տանինք Դամասկոսի հետ կայունութեան ու զարգացման ծառայող հարցերուն մէջ գործակցութիւնն ու համակարգումը ամրապնդելու», աւելցուց Մոհամետ պըն Զայետ:

Ըստ Դամասկոսի մէջ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողին, տնտեսական թղթածրարը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ «քննարկումի մեծագոյն առանցքը» պիտի ըլլայ, սակայն նաեւ պիտի քննարկուի քաղաքական ոլորտը:

Նշենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիան 12 փետրուարին այցելած էր Դամասկոս, ինչ որ 6 փետրուարի երկրաշարժէն ետք օտարերկրեայ բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը առաջին այցելութիւնն էր Սուրիա:

 

Նախորդը

Չաւուշօղլուի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Աշխատանք Կը Տանինք Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու» Կ՛ըսէ Շուքրի

Յաջորդը

Սալման Թագաւորը Ռայիսին Հրաւիրեց Ռիատ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.