Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլուի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Աշխատանք Կը Տանինք Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու» Կ՛ըսէ Շուքրի

March 20, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի շաբաթ օր Գահիրէի մէջ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ իր երկիրը աշխատանք կը տանի բոլոր ոլորտներուն մէջ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու»:

«Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցաւ թուրք-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը, եւ անոնք (քննարկումները, «Ա.») խոր ու թափանցիկ էին», նշեց Շուքրի:

Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Կատարեցինք երկու ժամ տեւողութեամբ բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին քննարկեցինք երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր եւ բոլոր շրջանային իրադարձութիւնները»` նշելով. «Անգարայի եւ Գահիրէի միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են, եւ կ՛ուզենք ամրապնդել երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը»:

«Տոհայի ժողովէն ետք Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն կողմէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու լիարժէք բնականոնացման հասնելու հոլովոյթի ձեռնարկման ցուցմունք գոյութիւն ունի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ երկկողմանի եւ շրջանային շարք մը հարցերու շուրջ հասարակաց պատկերացում գոյութիւն ունի», ըսաւ Շուքրի:

Չաւուշօղլու իր կարգին յայտնեց, որ «թրքական ու եգիպտական կողմերուն միջեւ այցելութիւնները պիտի շարունակուին», եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը հրաւիրեց Անգարա այցելելու:

«Մեր ամբողջ ջանքը պիտի թափենք մեր միջեւ յարաբերութիւնները լիարժէք կերպով բնականոնացնելու եւ դէպի ետ չվերադառնալու համար», աւելցուց ան:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ մօտ օրէն Թուրքիոյ մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի միջեւ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ:

«Հաստատօրէն նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի Թուրքիա այցելութեան շուրջ համակարգում կը կատարենք, եւ ատիկա կրնայ ընտրութիւններէն առաջ կամ ետք տեղի ունենալ, սակայն նախագահներ Էրտողանի եւ Սիսիի միջեւ մօտ օրէն հանդիպում տեղի պիտի ունենայ, եւ համակարգումը Թուրքիոյ ուսերուն վրայ էր», ընդգծած է Չաւուշօղլու:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Շուքրի յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութեան ծաւալը հասած է 9 միլիառ տոլարի: «Թուրքիոյ հետ տնտեսական յարաբերութիւնները կարեւոր կշիռ ունին, եւ հակառակ յարաբերութիւններու մէջ լարուածութեան, Եգիպտոս միշտ նախանձախնդիր եղած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները չազդուին, եւ Եգիպտոսի մէջ թրքական ներդրումները հասան 2,5 միլիառ տոլարի»:

Չաւուշօղու իր կարգին նշեց. «Անգարա թրքական ընկերութիւնները կը քաջալերէ Եգիպտոսի մէջ իրենց ներդրումները աւելցնելու եւ կրկնապատկելու»:

Նշենք, որ Չաւուշօղլու 11 տարուան մէջ Թուրքիոյ առաջին արտաքին գործոց նախարարն է, որ Եգիպտոս կ՛այցելէ:

 

Նախորդը

«Սերպիան Եւ Քոսովոն Համաձայնած Են Կեանքի Կոչելու Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու Եւրոպական Միութեան Առաջարկած Ծրագիրը» Կ՛ըսէ Պորել

Յաջորդը

Ասատ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Այցելեց. Տնտեսութիւնը` «Քննարկումի Մեծագոյն Առանցքը»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.