Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Ատամնաբուժ Ատուր Գապագեան

March 17, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ատամնաբուժ Ատուր Գապագեան

Ատամնաբուժ Ատուր Գապագեան ծնած է 1895-ին, Այնթապ: Մայրը մահացած է իր ծնունդէն անմիջապէս ետք: Ղրկուած է Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքը, որուն նախակրթարանը աւարտելէ ետք, միջնակարգի տարիներուն, իր ըմբոստ խառնուածքին եւ դասընկերները ազգային-յեղափոխական գաղափարներով ոգեւորելուն համար,վտարուած է վանքէն:

1912-ին վերադարձած է Այնթապ ու յաճախած է Ամերիկեան քոլեճ: Այդ շրջանին կը դառնայ Զարեւանդի գաղափարական գործունէութեան եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններուն ամէնէն աշխուժ մասնակիցն ու օգնականը:

1913-ին կը կատարէ դաշնակցականի իր երդումը եւ մաս կը կազմէ ՀՅԴ-ի Այնթապի կոմիտէութեան:

1915-ին կ՛անցնի Սուրիա, Համայի շրջանը: Կը լծուի գաղթական հայութեան ինքնակազմակերպման աշխատանքին:

1918-ին, զինադադարէն ետք, երկիր վերադարձող գաղթական հայութեան հետ Ատուր դարձեալ Այնթապ կը գտնուի:

1919-ին կ՛անցնի Պէյրութ, Լիբանան, եւ կ՛ուսանի ամերիկեան համալսարանի ատամնաբուժական վարժարանին մէջ, կը վկայուի 1924-ին, իբրեւ բժիշկ ատամնաբուժ:

Ամուսնանալէ ետք կը հաստատուի Հալէպ եւ կը գործէ իբրեւ ատամնաբուժ` մինչեւ 1948:

Հալէպի մէջ ունեցած է ազգային եւ կուսակցական աշխուժ կեանք: Եղած է Բերիոյ թեմին ազգային ղեկավարներէն մէկը եւ ՀՅԴ-ի Հալէպի ԿԿ-ի անդամ: Եղած է ազգային գործիչ եւ ղեկավար: Սերտ գործակցութիւն ունեցած է ազգային գործիչ եւ ՀՅԴ-ի գաղափարի ընկեր Հրաչ Փափազեանի հետ:

Նոյն տարիներուն, ՀՅ Դաշնակցութեան ղեկավարներէն Հրաչ Փափազեանի գործակիցը ըլլալով, Ատուր Գապագեան կենսական դեր կ՛ունենայ Սուրիոյ պետականութեան կազմակերպման եւ ազատագրական շարժման մէջ` միշտ նպաստելով հայութեան շահերուն:

1948-էն ետք կը հաստատուի Պէյրութ, ուր կը շարունակէ իր ազգային եւ կուսակցական բեղուն գործունէութիւնը: Կը դառնայ ՀՅԴ-ի Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ` Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի ղեկավար անդամներէ մէկը:

1963-ին, ՀՅԴ-ի 18-րդ Ընդհանուր ժողովին կ՛ընտրուի Բիւրոյի անդամ:

1967-ին, ՀՅԴ-ի 19-րդ Ընդհանուր ժողովին վերընտրուելով` կը ստանձնէ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը` մինչեւ իր մահը:

Եղած է տեսլական ունեցող, հաւասարակշռուած քաղաքական գործիչ, համազգային պատասխանատուութեամբ առաջնորդուող ազգային-կուսակցական անձնաւորութիւն, ողջմիտ մտաւորական, շրջահայեաց, ազգանուէր գործիչ:

Ատամնաբուժ Ատուր Գապագեան կը մահանայ շաբաթ, 22 ապրիլ 1972-ին, 77 տարեկան հասակին: Ան իր յաւիտենական հանգիստը կը գտնէ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին մէջ:

Մոնրէալ, 10 փետրուար  2023

Աղբիւրներ`

  1. Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին (յաւելուած), Բժիշկին Զ. խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ, 2022:
  2. Ուիքիփետիա, Ատուր Գապագեան
  3. «Տոքթոր Ատուր Գապագեան» (1895-1972), Նազարէթ Պէրպէրեան, «Ասպարէզ», 4 մայիս 2009:
  4. «Օրինակելի ղեկավարը. ընկեր Ատուր Գապագեանի անմոռանալի յիշատակին եւ մահուան 41-րդ տարելիցին առիթով», «Հայերն այսօր», Երեւան, 4 յունուար 2013:
Նախորդը

Արցախի Մէջ, Ռազմական Դրութեան Պարագային, Ազգային Ժողովը Նախագահ Պիտի Ընտրէ. Որոշումը Առաջին Ընթերցումով Ընդունուեցաւ

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիան Ցնցած Երկրաշարժէն Մէկ Ամիս Անց

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.