Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարար Վոփքէ Հուքսթրա շեշտած է Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքի բռնագրաւման փաստը` ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` վերադառնալու մինչեւ 12 սեպտեմբեր 2022-ի սահմանները:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ինչպէս կը տեղեկացնէ Նետերլանտներու հայկական կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը, նախարարը այս մասին ըսած է` ի պատասխան խորհրդարանական քանի մը խմբակցութիւններու` Տաւոսի մէջ Նետերլանտներու եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումին վերաբերեալ հարցումներուն:
Վոփքէ Հուքսթրա յայտնած է, որ Տաւոսի մէջ յունուարին վարչապետ Ռիւթէի եւ նախագահ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը նախաձեռնած է նետերլանտական կողմը` Բերձորի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով մտահոգութիւններ յայտնելու նպատակով: Հանդիպումի ընթացքին Նետերլանտներու վարչապետը ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքային բնակչութիւնը պէտք չէ քաղաքական կացութեան զոհ դառնայ, եւ կարեւոր նկատած է Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակումը` ի կատարումն 2020 թուականի եռակողմ համաձայնութեան:
Արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, որ Նետերլանտները Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական խորհուրդի ծիրին մէջ եւս եռանդուն կերպով կ՛աշխատին Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման նպատակով` նշելով նաեւ, որ Ազրպէյճանը վատ կը կատարէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռները:
Խորհրդարանականներու հարցումներու պատասխաններուն մէջ նետերլանտական դիւանագիտութեան պետը հաստատած է, որ Ազրպէյճան Ռուսիայէն կազ կը ներածէ Եւրոպական Միութեան նկատմամբ իր պարտաւորութիւններու կատարումը ապահովելու համար, ընդգծելով, որ այդ հարցը պիտի արծարծուի Եւրոպական յանձնաժողովին կողմէ:
Հուքսթրա վերահաստատած է Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքի բռնագրաւումը` ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` վերադառնալու մինչեւ 12 սեպտեմբեր 2022-ի սահմանները:
Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարարը իր պատասխաններուն մէջ անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայ պատերազմական գերիներու խնդիրին` հաւաստելով, որ վերջիններուս հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը մշտապէս կը բարձրացուի Ազրպէյճանի պաշտօնեաներու հետ բանակցութիւններուն ընթացքին:


