Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը հրատապ հարց է, որովհետեւ շրջանին մէջ կացութիւնը շատ նուրբ է: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս` պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահագներու հետախուզութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեան հաւանական սրման վերաբերեալ զեկուցումը որքանո՞վ կ՛ենթադրէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու Ուաշինկթընի ջանքերուն հրատապութիւն հաղորդելու անհրաժեշտութիւն:
«Այս հարցին առնչուած միշտ ալ եղած է հրատապութիւն, որովհետեւ ասիկա նուրբ կացութիւն է: Ասիկա կացութիւն մըն է, որ, ինչպէս մենք վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ տեսանք, բռնութեան վերածուելու մեծ հակում ունի: Ատիկա երկարատեւ տագնապ է, որուն լուծման աջակցելու համար Միացեալ Նահանգները կ՛ուզեն ընել ամէն ինչ: Մենք պիտի շարունակենք ատիկա ընել` երկկողմանի աշխատելով այս երկիրներուն հետ, եռակողմ ձեւաչափով` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ` աջակցելով երկխօսութեան եւ դիւանագիտւոթեան անոնց ջանքերուն», ըսած է Փրայս:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի կիրարկեն բոլոր համապատասխան մեքանիզմները` օգնելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանին դիւանագիտութիւն վարել եւ հասնիլ համաձայնութիւններու:


