Ռուսիան կը շեշտէ Պաքուի ու Երեւանի կողմէ եռակողմ համաձայնութիւններու բոլոր դրոյթները, ներառեալ Բերձորի միջանցքի օգտագործման վերաբերեալ դրոյթները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
Անդրադառնալով Ազրպէյճանի` Արցախի հասցէին հնչեցուցած նոր սպառնալիքներուն վերաբերեալ հարցումին` Զախարովա ըսած է. «Որեւէ կողմի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը անարդիւնաւէտ է, անիկա չ՛օգներ խաղաղութեան օրակարգի յառաջ մղման: Մենք կը մեկնինք այն իրողութենէն, որ Պաքուն եւ Երեւանը պէտք է խստօրէն պահպանեն ամենաբարձր մակարդակով եռակողմ համաձայնութիւններու բոլոր դրոյթները, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան եւ Բերձորի միջանցքի օգտագործման վերաբերողները»:
Ան աւելցուցած է, որ իրենք կը կարծեն նաեւ, որ ներկայիս լարուածութեան թուլացման պիտի նպաստէ փոխադարձ ընդունելի լուծումներու որոնման պաշտօնական Երեւանի աշխուժ մասնակցութիւնը:


