Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 10, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.200 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակն է 1.538.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.575.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.467.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 1.043.000 լ. ոսկի:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց վարչական հրամանագիր մը, որուն համաձայն` Աւետման տօնին առիթով պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան շաբաթ, 25 մարտ 2023-ին:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտը, որուն հետ քննարկեց Պէյրութի քաղաքապետութեան վերաբերող հարցեր: Ապպուտ ընդգծեց, որ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդը միասնականութեամբ կը գործէ ի խնդիր մայրաքաղաքի շահերուն: Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա, որ Տրիանի հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց երկրին վերաբերող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Պըրրիի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի եւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ Ժնահի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները երկու ընտանիքներու միջեւ հարցերու հետեւանք էին եւ ոչ թէ քաղաքացիական օդանաւորդութեան օդանաւ մը թիրախ կը դարձնէին` աւելցնելով, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին շրջակայքը կրակողները պաշտպանելու ոչ մէկ հովանաւորութիւն գոյութիւն ունի: Համիէ ընդգծեց, որ բոլոր կրակողները պէտք է ձերբակալուին` աւելցնելով, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է 7 յանցագործներ: «Պէյրութի միջազգային օդակայանին ապահովութիւնը լիբանանեան պետութեան համար առաջնահերթութիւն է»,      ըսաւ ան:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց բանակին վերաբերող հարցերն ու երկրին ապահովական կացութիւնը: Քննարկուեցան նաեւ այնպիսի միջոցներ, որոնց որդեգրումը կրնայ շահաբեր ըլլալ բանակին: Հանդիպումին ընթացքին համախոհութիւն գոյացաւ գործակցութեան անհրաժեշտութեան շուրջ, յատկապէս նկատի ունենալով երկիրը յուզող ներկայ դժուար պայմանները: Քննարկուեցան այն միջոցները, որոնք զինուորականներուն բեռը կը թեթեւցնեն, յատկապէս ներկայ պայմաններուն ընթացքին:

ԱՆԿԱԽ երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ ինք հանրապետութեան բարեկարգչական նախագահի թեկնածու է` աւելցնելով, որ ունի երկիրը փրկելու ծրագիր մը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ ընդդիմութեան ուժերուն եւ անկախ երեսփոխաններուն միջեւ հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` միասնականութիւն գոյացնելու իմաստով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ նախորդ փուլերուն նման համաձայնութիւններ պիտի չգոյանան` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին ընտրել գերիշխան հանրապետութեան նախագահ մը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ Լիբանան դարձեալ մուտք գործած է ելեւմուտքի տագնապը սխալ կերպով լուծելու փուլ` անոր հանդէպ ցուցաբերուած մակերեսային վերաբերումին պատճառով:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս շեշտեց, որ իրենք նախագահական դատարկութեան փուլէն չեն վախնար, ընդհակառակն` կը նախընտրեն զայն, քան` ոչ գերիշխան եւ դիմադրութեան առանցքը ներկայացնող հանրապետութեան նախագահ մը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Իպրահիմ Մնայմնէ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կարողութիւն ունի երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն հետ հաղորդակցելու եւ քննարկելու` պահանջուած բարեկարգումները գործադրելու եւ իսկական պետութիւն մը հիմնելու նպատակով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ իրենք բոլորին հետ կը գործակցին` աւելցնելով, որ այս շրջագիծին մէջ տակաւին չեն որոշած իրենց թեկնածուին ինքնութիւնը, «սակայն ընդդիմութեան հետ համաձայնութիւնը առկայ է», ըսաւ ան:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երկիրը ոտքի կանգնեցնելու ծրագիր ունի` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն ժողովրդականութիւնը չի նշանակեր, որ Սլէյման Ֆրենժիէ քրիստոնէական օրինականութիւն չի ներկայացներ: Ան նշեց նաեւ, որ դրամատուներուն միջեւ կայ լուրջ խորհրդակցութիւն` անոնց սնանկացումը յայտարարելու իմաստով, եւ ասիկա Լիբանանի համար հսկայ փլուզում կը նշանակէ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ժամանակը հասած է, որ իբրեւ քաղաքացիներ աւելի հաւատացեալ դառնանք եւ նուազ համայնքային:

 

 

Նախորդը

Քլաար. «Բռնութեան Արդարացում Չկայ, Բայց Հարցերը Պէտք Է Լուծուին Միայն Բանակցութիւններու Միջոցով»

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք. «Ժամանակը Հասած Է, Որ Իբրեւ Լիբանանցիներ Խորհրդակցինք Եւ Համաձայնինք Նախագահական Ընտրութիւններուն Մասին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.