Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելը Ազգային Պարտաւորութիւն Է, Եւ Ո՛վ Որ Օրինաթիւ Չի Գոյացներ, Պէտք Է Պատասխանատուութիւն Ստանձնէ» Շեշտեց Պըրրի

March 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանան աղէտալի վիճակի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ անոր կացութիւնը վատէն վատագոյնը կ՛ուղղուի, իսկ երկրի հարցերու լուծման խոչընդոտները պատճառ կը դառնան, որ քանդումը շարունակուի եւ ոչ միայն երկրին ներկայ իրավիճակին սպառնայ, այլեւ` անոր ապագային: «Հետեւաբար կարելի չէ այս ձեւով շարունակել», հաստատեց ան:

Պըրրի ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը ազգային, մարդկային եւ բարոյական պարտաւորութիւն է, «եւ այս դիտանկիւնէն մեկնելով է, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան զօրակցութիւն յայտնեցինք: Այս քայլով կը մղենք, որ քաղաքական այլ ուժեր եւս յայտարարեն իրենց թեկնածուն կամ թեկնածուները: Թեկնածութիւններու յայտարարութիւնը դարձած է անհրաժեշտ, որպէսզի կարելի ըլլայ մրցակցութիւն ստեղծել: Մենք պատրաստ ենք ուղղուելու խորհրդարան, եւ երբ մրցակցութեան ժամանակը գայ` խորհրդարանը պիտի հրաւիրեմ նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որպէսզի ընտրութիւնը կատարուի, եւ ո՛վ որ կարող է, թող յաղթէ», ըսաւ ան:

Պըրրի նշեց, որ ինք հրաւիրած է նախագահական ընտրութեան 11 նիստերու, որոնք բոլորն ալ վերածուած են թատրոնի եւ խեղկատակութեան: «Այդ պատճառով ալ պատրաստ չեմ հրաւիրելու նախագահական ընտրութեան այլ նիստի մը, եթէ զայն թատրերգութեան վերածելու հաւանականութիւն կայ», ըսաւ ան:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ իրենց թեկնածուն Ֆրենժիէն է: «Թող հրամմեն եւ այլ թեկնածուի մը կամ թեկնածուներու շուրջ համաձայնին, որպէսզի կարենանք ուղղուիլ խորհրդարան եւ ժողովրդավարութեան խաղին ապաւինինք` առողջ մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ, եւ ընտրենք հանրապետութեան նախագահը», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով օրինաթիւի գոյացման հաւանականութեան` Պըրրի շեշտեց, որ ո՛վ որ նախագահական ընտրութեան նիստին օրինաթիւ չի գոյացներ, այս պարագային պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ:

Խորհրդարանի դերակատարութեան արգելակուած ըլլալու իրականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի հաստատեց, որ խորհրդարանն ու անոր օրէնսդրական դերակատարութիւնը բնաւ արգելակուած չեն: Ան աւելցուց, որ քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ օրէնսդրական նիստերուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելը խորհրդարանը թիրախ չի դարձներ, այլ կառավարութեան նիստերու գումարումին դէմ հակազդեցութիւն կը նկատուի, «այլ խօսքով` այդ կեցուածքները կառավարութեան դէմ յարձակումներ են եւ ոչ թէ խորհրդարանին», եզրափակեց Պըրրի:

 

 

Նախորդը

Իսլամական Գերագոյն Խորհուրդ. «Լիբանանը Ապահով Եւ Անհոգ Երկրէ Մը Վերածեցին Անօթութեան Ու Ապագայի Հանդէպ Վախի Երկրի Մը»

Յաջորդը

Այթա Շաապի Մէջ. Լիբանանեան Բանակը Ետ Կը Մղէ Սահմանային Կապոյտ Գիծը Խախտած Իսրայէլեան Ջոկատ Մը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.