Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանութեամբ անդրադարձած է 2-էն 3 մարտի լոյս գիշերուան ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական զինուժի ստորաբաժանումներու կողմէ 9 նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ յայտարարութեամբ հաստատուած հրադադարի խախտման` նշելով, որ Արցախի ապօրինի շրջափակումը անյապաղ վերացնելու անհրաժեշտութեան պարունակին մէջ մարդասիրական եւ ենթակառուցուածքային հարցերով կողմերուն միջեւ կայացած քննարկումներու խորապատկերին վրայ Ազրպէյճանի գործողութիւնները ակնյայտօրէն կը վկայեն Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ իր` ի միջի այլոց նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումէն բխող յանձնառութիւնները անվերապահօրէն կատարելու չկամութեան մասին: «Արմէնփրես»-ին այս մասին տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Մեկնաբանութեան մէջ նշուած է. «Մարտի 2-ին եւ լոյս 3-ի գիշերը Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Մարտունու շրջանների բռնագրաւուած տարածքներում տեղակայուած ազրպէյճանական զինուժի ստորաբաժանումները խախտել են 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի Եռակողմ յայտարարութեամբ հաստատուած հրադադարը:
Խստօրէն դատապարտում ենք ազրպէյճանական կողմի սադրանքները, որոնք իրականացուել են Արցախում Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախմբի հրամանատարի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչների հերթական հանդիպումից անմիջապէս յետոյ:
Արցախի ապօրինի շրջափակումն անյապաղ վերացնելու անհրաժեշտութեան շրջագծում մարդասիրական եւ ենթակառուցուածքային հարցերով կողմերի միջեւ կայացած քննարկումների խորապատկերին Ազրպէյճանի գործողութիւններն ակնյայտօրէն վկայում են Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ իր` այդ թւում նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումից բխող յանձնառութիւններն անվերապահօրէն կատարելու չկամութեան մասին:
Այս առումով անհրաժեշտ ենք համարում, որ միջազգային հանրութիւնը շարունակի Ազրպէյճանի վրայ ճնշման գործադրման յստակ միջոցների իրականացումը` զսպելու վերջինիս ապակառուցողական գործողութիւններն ու մտադրութիւնները, որոնք միտուած են հարցերն ուժային ճանապարհով լուծելուն»:


