Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իր Նիստը` Ճշդելու Համար Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Աշխատավարձի Եւ Փոխադրածախսի Յաւելումները

February 23, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած տարբեր տագնապներուն լուծումներ ապահովելու մասին արտաքին աշխարհին ցուցաբերած անտարբերութիւնը կը դրսեւորուի երկրին վրայ եւ կը դժուարացնէ լիբանանցիներուն կեանքը:

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան նկատմամբ ցուցաբերուած միջազգային հետաքրքրութիւնը դրսեւորուեցաւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հինգ երկիրներու ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումով: Սակայն նոյնիսկ այդ ժողովին կարելի չեղաւ լուծման մը յանգիլ, որովհետեւ իւրաքանչիւր երկիր ունէր քաղաքական իր յատուկ օրակարգը, եւ այդ պատճառով ալ հինգ երկիրներու ներկայացուցիչները չկրցան վերջնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակել:

Այս բոլորը կը նշանակեն, թէ Լիբանանի մէջ ներքին լուծման մը յանգիլը կարեւոր է, անկախ այն իրողութենէն, թէ լիբանանեան լուծումը արտաքին օրհնութեան կամ ձախողութեան կրնայ արժանանալ, թէ ոչ:

Նկատի ունենալով նախագահական ընտրութեան վերաբերող այս անելը, կ՛արժէ նաեւ անդրադառնալ այն իրողութեան, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի աւանդական կերպով խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան նիստի պիտի չհրաւիրէ, բացի եթէ քաղաքական ընդհանուր պատկերին մէջ փոփոխութիւն կամ բարելաւում արձանագրուի:

Անշուշտ նման փոփոխութիւն կամ բարելաւում կարելի պիտի ըլլայ ապահովել միայն ներքին լիբանանեան երկխօսութեամբ, որուն կայացումը տակաւին շատ հեռու կը թուի:

Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կառավարութիւնը նիստի մը պիտի հրաւիրէ երկուշաբթի, 27 փետրուար 2023-ին: Կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի եւ փոխադրածախսի յաւելումներ ճշդէ:

Կը նախատեսուի, որ Ա. կարգի պաշտօնեաներուն պարագային իւրաքանչիւր աշխատանքային օրուան համար յաւելեալ 800 հազար լ. ոսկի վճարուի, իսկ Բ. կարգի պաշտօնէութեան պարագային` իւրաքանչիւր աշխատանքային օրուան համար յաւելեալ 700 հազար լ. ոսկի վճարուի, ինչպէս նաեւ փոխադրածախսի համար ճշդուի անոնց ամսական 5 թիթեղ պենզին տրամադրել:

Նշենք, որ Միքաթի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ նախապէս քննարկած էր պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձը տոլարայնացնելու կարելիութիւնը, սակայն Սալամէ այդ առաջարկը կտրականապէս մերժած էր:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միքաթի Մաուլաուիէն Կը Պահանջէ Օրինական Ձեւերու Դիմել Եւ Պահպանել Արդարութիւնը` Դատախազ Աունի Օրինազանցութիւններէն

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.