Դրամատուներու միութեան հաստատումով, Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դրամատուները կը շարունակեն իրենց դռները փակ պահել, միւս կողմէ, երկրին մէջ սպառողական մակարդակի վրայ բոլոր ապրանքատեսակները կ՛ուղղուին դէպի տոլարացում:
Մինչ լիբանանեան դրամանիշը կը շարունակէ արժեզրկումի իր գահավէժ ընթացքը, լիբանանցին աւելի եւս կը կքի սղաճի պարտադրած բեռին տակ եւ…
Այս շրջագիծին մէջ պետական դպրոցները կը մնան փակ, որովհետեւ ուսուցիչները կը մերժեն վերադառնալ դպրոց` պահանջելով իրենց իրաւունքները, իսկ պետական մարզի պաշտօնեաներու լիկան գործադուլը կ՛երկարաձգէ մինչեւ ուրբաթ, 24 փետրուար 2023:
Սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը հակակշռելու նպատակով վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի միջեւ երէկ տեղի ունենալիք հանդիպումը մետասաներորդ պահուն ջնջուեցաւ, առանց որեւէ բացատրութեան:
Իսկ վարչապետարանին մէջ օրուան ընթացքին Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապիի հետ` քննարկելու համար ուսուցիչներուն պահանջները գոհացնելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Հալապի յայտնեց, որ Միքաթի խոստացած է իւրաքանչիւր ուսուցիչի 5 լիթր պենզին տրամադրել` դպրոց ներկայանալու եւ դասաւանդելու իւրաքանչիւր օրուան համար:
Միւս կողմէ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Մըրատ, յանձնախումբի նիստէն ետք զգուշացուց, որ կրթական մարզը վտանգուած է եւ կոչ ուղղեց գտնելու լուծումներ` զայն փրկելու նպատակով:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի հետ:
Քննարկուեցան պետական մարզի պաշտօնեաներուն փոխադրածախս տրամադրելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ աշխատավարձերը բարձրացնելու մասին պատկերացումները:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Միքաթիի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր երկրաշարժէն ետք դէպի Սուրիա առաքուած լիբանանեան օժանդակութեան եւ փրկարար աշխատանքներուն մասնակցող խմբակներուն համար:


