Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին` ներկայութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի, ընդհանուր քարտուղարներ Ալեն Աունի եւ Հատի Ապուլ Հասանի, ինչպէս նաեւ դիւանի անդամներ` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երեսփոխաններ Ապտել Քերիմ Քապպարայի եւ Միշել Մուսայի, եւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահերի:
Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ դիւանը շարունակած է իր քննարկումները, որոնք սկսած էին նախորդ նիստին ընթացքին, եւ որմէ բացակայած էր ինք` Լիբանանէն դուրս գտնուելու պատճառով:
Պու Սաապ յայտնեց, որ ինք յանձնառու է հաստատութիւններուն` աւելցնելով, որ խորհրդարանի դիւանին տուած որոշումին եւ համախոհութեան իմաստով ինք նախանձախնդիր կը մնայ:
Ապա Պու Սաապ կարդաց դիւանի նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, որ կը նշէ. «Հաստատելով հանդերձ օրէնսդրական աշխատանք կատարելու խորհրդարանին իրաւունքը` ինչպէս նախորդ տարիներուն, խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն մօտ կայ համաձայնութիւն վերջնականացնելու քեփիթըլ քոնթրոլին եւ այլ օրինագիծերու կապուած հարցերը: Հետեւաբար խորհրդարանի դիւանը որոշեց իր նիստը առկախել»:
Նշենք, որ նախքան նիստը, Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ Պու Սաապի հետ, որ խորհրդարանի նախագահը տեղեակ պահեց Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ Տուպայի մէջ կառավարութիւններու համաշխարհային վեհաժողովին մասնակցութեան մանրամասնութիւններուն մասին:


