Երէկ երեկոյեան ժամը 7:04-ին 6,4 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Ալեքսանտրէթը: Ցնցումը զգացուեցաւ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Պաղեստինի եւ Կիպրոսի մէջ:
Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու եւ աղէտներու վարչութիւնը հաղորդեց, որ 6,4 եւ 5,8 աստիճան ուժգնութեամբ 2 իրերայաջորդ երկրաշարժներ հարուածած են Ալեքսանտրէթը: Երկրաշարժին պատճառով Հիւսիսային Սուրիոյ Աթարեպ, Ազազ եւ կարգ մը այլ շրջաններու մէջ շէնքեր փուլ եկան:


