Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յառաջիկայ Երկու-Երեք Օրերուն Հյդ Յստակ Պատասխաններ Պիտի Ունենայ» Կ՛Ըսէ Սպարտակ Սէյրանեան

March 14, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սպարտակ Սէյրանեան

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական նոր կարգախօսը 2003-ին Դաշնակցութեան նախընտրական կարգախօսն էր, որուն 2007-ին յաջորդեց «Մեր հին ընկերը Դաշնակցութիւնն է» կարգախօսը:

Հանրապետական կուսակցութեան նոր կարգախօսը քիչ կը տարբերի ՀՅԴ-ի 2003-ի կարգախօսէն, եւ ատիկա արդէն նկատած է Դաշնակցութիւնը:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Առաւօտ»-ին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ իրենց եւ հանրապետականներուն կարգախօսին միջեւ իսկապէս նմանութիւն կայ: Ան յայտնեց, որ տարբեր բան է, թէ հանրապետականներուն ըսածները եւ ըրածները Դաշնակցութեան հետ չեն առնչուիր:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Հանրապետական կուսակցութիւնը յաջողա՞ծ է ատիկա կատարել, Մինասեան նշեց, որ միշտ ալ փոփոխութիւնը հաճելի է  յատկապէս Հայաստանի մէջ, երբ ժողովրդավարական, ընկերային-տնտեսական, քաղաքական մակարդակի վրայ լուրջ փոփոխութիւններու կարիք եւ անհրաժեշտութիւն կայ:

Անդրադառնալով յառաջիկայ ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի կարգախօսին` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան յայտնեց, որ քանի մը տարբերակներու շուրջ կը մտածեն, եւ այդ մասին վերջնական պիտի կողմնորոշուին ու յայտնեն 2 օրէն:

Սպարտակ Սէյրանեան mardik.am-ին նշեց, որ Դաշնակցութեան մէջ տակաւին յստակ եւ վերջնական որոշում չկայ  համամասնական ցուցակին, ինչպէս  նաեւ մեծամասնական ընտրակարգով թեկնածուներու առաջադրման հետ կապուած հարցերու շուրջ:

Ան տեղեկացուց, որ այս օրերուն տեղի կ՛ունենան Գերագոյն մարմինի նիստերը, որոնց ժամանակ կը քննարկուին ներկայ իրավիճակը, քարոզչական ռազմավարութիւնը եւ այլ հարցեր:

Ըստ դաշնակցական գործիչին, յառաջիկայ 2-3 օրերուն ընթացքին բոլոր հարցումներուն պատասխանները յստակ պիտի ըլլան:

Նախորդը

Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Իտալահայ Գաղութի Ներկայացուցիչներ

Յաջորդը

Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի Պատուիրակութեան Հետ Հանդիպումին Ընթացքին Հոլլանտ Կը Վերահաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնելու Իր Դիրքորոշումը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։