Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Մար Մարունի տօնին առիթով նախագահեց Ս. պատարագի մը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց վերադառնալու իրենց իսկական ինքնութեան, որ օր մը օրանց իբրեւ ճահճացումի խորհրդանիշ չէ ծառայած:
Ան շեշտեց, որ լիբանանցին ո՛չ միայն կ՛ապրի այն տխրութիւնը` նկատի ունենալով իր կացութիւնը, սակայն կը սգայ նաեւ իր շուրջ երկրաշարժէն տուժածներուն աղէտը:
Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ Լիբանանը փրկեց աղէտալի երկրաշարժէն` աւելցնելով, որ մայրին միայն Լիբանանի խորհրդանիշը չէ, այլ` եկեղեցւոյ խորհրդանիշը:
Իր կարգին, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոս Մար Մարունի տօնին առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ պահանջեց ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ յանդուգն է եւ քաջ, ինչպէս նաեւ պարկեշտ:
Ան ընդգծեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերող ճշմարտութիւնը բացայայտելու կաեւորութիւնը` հաստատելով, որ անիկա Լիբանանի ապաքինման սկիզբը կը նկատուի:
Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսը շեշտեց, որ Լիբանանի շահերը պէտք է գերադասեն անձնական շահերը:


