Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի եւ անդամակցութեամբ երեսփոխաններ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ Պիլալ Ապտալլայի, երէկ այցելեց Անկախութիւն շարժումի նախագահ եւ Վերանորոգում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Միշել Մուաուատի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Մուաուատի հետ կը բաժնեն նոյն համոզումները, ինչպէս` գերիշխանութիւնը, բարեկարգումը եւ ազգային միասնականութիւնը:
Ան աւելցուց սակայն, որ իրենք առաջին իսկ օրէն համաձայնած են, թէ այդ համաձայնութիւնը անձնական չէ` վստահեցնելով, որ իրենք կը շարունակեն խորհրդակցութիւնները միացեալ դիրքի վրայ գտնուելով:
Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ իրենք իրարմէ հրաժարելու եւ զիրար լքելու վիճակին մէջ չեն: «Մեր նպատակն է խորհրդակցիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծումի յանգիլ, այսինքն` ընտրել փրկարար, բարեկարգչական եւ գերիշխան հանրապետութեան նախագահ մը», յայտնեց ան:
Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ իրենք անշեղ կը մնան իրենց կեցուածքներէն եւ սկզբունքներէն, ինչպէս նաեւ գործակցութեան ձեռք կը մեկնեն բոլորին: «Մեր ուղին յստակ է, իսկ օտար երկիրները կ՛ուզեն տեսնել վստահելի նախագահ մը», շեշտեց ան:
Իր կարգին, Մուաուատ յայտնեց, որ ինք պատրաստ է ընտրարշաւը վարելու ոեւէ անհատի, որ լիբանանցիները կը հանգստացնէ` իրենց կողմէ անսակարկ նկատուող ծրագիրի մը գործադրութեան շրջագիծին մէջ:
Ան հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան իր առաջադրած թեկնածութիւնը հիմնականին մէջ այդ ընտրութիւնը լիբանանեան դարձնելու նպատակով կատարուած է:
Մուաուատ շեշտեց, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքին հետ հանդիպումը անհրաժեշտ էր` երկկողմանի գործակցութեան մակարդակը բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ ապագայի ուղեգիծի մը շուրջ համաձայնելու համար:
Մուաուատ նշեց, որ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը ազգային-քաղաքական ծրագիր մըն է, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն համար լուրջ լուծում:


