Հայաստանի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց ազգային հաւաքականները կը նախապատրաստուին Եւրոպայի անհատական ախոյեանութիւններուն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:
Եւրոպայի աղջկանց 23-րդ անհատական ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18-29 մարտին, Մոնթենեկրոյի Փեթրովաք քաղաքին մէջ:
Անոր մասնակցելու համար առաջարկ ներկայացուցած են Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Սարգսեան, Մարիա Գէորգեան, Մարիամ Մկրտչեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան:
Իսկ տղոց անհատական ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սերպիոյ Վրնժաչքոժ Պանժի քաղաքին մէջ:
Հայաստանէն հետեւեալ խաղացողները փափաք յայտնած են անոր մասնակցիլ.
Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Շանթ Սարգսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Մամիկոն Ղարիբեան, Արմէն Բարսեղեան, Էմին Օհանեան, Վահէ Դանիէլեան, Ալեքս Սահակեան, Ռոպերթ Փիլիպոսեան եւ Սարգիս Մանուկեան:
Նշուեցաւ, որ Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան նախապատրաստուելու նպատակով Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականը 13-27 փետրուարին ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարէ Արզնիի մէջ:


