Իտալիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Ա. Սէ. Միլան, գլխաւոր մարզիչ Սթեֆանօ Փիոլին փոխարինելու համար սկսած է դիտարկել տարբերակներ:
Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, միլանեան ակումբը գլխաւորելու հիմնական թեկնածուներն են լոնտոնեան Թոթենհամը մարզող` Անթոնիօ Քոնթէ եւ անգլիական Պրայթընի գլխաւոր մարզիչ Ռոպերթօ Տէ Զերպի:
Ա. Սէ. Միլան իտալացի մասնագէտին գլխաւորութեամբ բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին իր կատարած վերջին եօթը մրցումներուն ընթացքին չէ յաջողած յաղթանակ արձանագրել:
Փիոլի, որ խումբի մարզիչ նշանակուեցաւ հոկտեմբեր 2019-ին, մինչեւ 30 յունիս 2025 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է անոր հետ:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 21-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ա. Սէ. Միլան այժմ 38 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 6-րդ դիրքը:


