Շուէտացի անուանի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, որ ութ ամիսէ ի վեր չէր մարզուեր Ա. Սէ. Միլանի ընդհանուր խումբին հետ, լաւապէս ապաքինած ըլլալով ի վերջոյ վերսկսաւ իր ամբողջական փորձերուն, այս մասին յայտնեց միլանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
41 տարեկան շուէտացին, որ նախորդ մայիսին վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, այժմ ամբողջութեամբ պատրաստ է դարձեալ դաշտ ներկայանալու:
Նշուեցաւ, որ հաւանականութիւնները մեծ են, որ ան իր մասնակցութիւնը բերէ վաղը` ուրբաթ, 10 փետրուարին Թորինոյի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Նախորդ տարեշրջանին ան Ա. Սէ. Միլանի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ 27 մրցումի, նշանակեց 8 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ:


