Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջաւախքի Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդի Համակարգողի Եւրոպա Այցելութիւնը Կը Շարունակուի

March 13, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չարլզ Թանոք եւ Արտակ Գաբրիէլեան

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 5 մարտին Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող, «Ա-Ինֆօ» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արտակ Գաբրիէլեան այցելեց Եւրոպա` քաղաքական եւ համայնքային շարք մը հանդիպումներ ունենալու համար:

6 մարտին Արտակ Գաբրիէլեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներու եւ Եւրոպական Միութեան այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ: Անոր Պրիւքսէլ այցելութեան աջակցեցաւ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակը:

6 մարտին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Արտակ Գաբրիէլեան հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Եորղոս Փափասթամքոսի (Եւրոպական խորհրդարանի Հարաւային Կովկասի պատուիրակութեան անդամ), Թրայան Ունքուրեանուի (Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ եւ Սեւծովեան հարցերու զեկուցաբեր, Եւրանեսթի փոխնախագահ) եւ Անտրէյ Քովաչեւի հետ (Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ):

7 մարտին Արտակ Գաբրիէլեան առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի անդամներ Չարլզ Թանոքի, Եիրի Մաշթալքայի, Քրիստոֆ Լիսեքի, Եւքենի Քիրիլովի, Եաննիս Քասուլիտիսի եւ Միլոսլաւ Ռանստորֆի հետ:

8 մարտին Արտակ Գաբրիէլեան առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան եւ Եւրանեսթի անդամ Թաթիանա Ժթանոքայի եւ Եաննիս Ցուկալիսի հետ:

9 մարտին ան այցելեց Հայաստանի Եւրոպացի բարեկամներ կազմակերպութեան կեդրոնատեղի, ուր հանդիպում ունեցաւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Մայքըլ Քամպեքի հետ:

Նոյն օրը Արտակ Գաբրիէլեան այցելեց Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու հարցերով պատասխանատուին հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Արտակ Գաբրիէլեանին ընկերակցեցան Հայ դատի Պրիւքսէլի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեան եւ Պետօ Տեմիրճեան` գրասենեակի աշխատակազմէն:

Իր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին, Արտակ Գաբրիէլեան իր խօսակիցներուն յանձնեց Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդին յուշագիրը, ուր ներկայացուած են Ջաւախքի հայութեան դիմագրաւած խնդիրները եւ զանոնք լուծելու ճամբաները, ինչպէս նաեւ ներկայացուած են Ջաւախքի հայութեան պահանջները.

1) Վերջ տալ երկրամասի ժողովրդագրական պատկերը փոխելու ճիգերուն:

2) Տեղական եւ պետական կառավարման կառոյցներուն մէջ բարելաւել հայերու ներկայութիւնը:

3) Ընկերային եւ տնտեսական զարգացման ծրագիրներ գործադրել երկրամասին մէջ` անոր մակարդակը այդ մարզերուն մէջ հաւասարեցնելու համար երկրին մնացեալ շրջաններու վիճակին:

4) Ազգաբնակչութեան հայ մեծամասնութիւն ունեցող վարչական շրջաններուն կառավարման մարմիններուն մէջ հայոց լեզուի օգտագործման իրաւունք շնորհել:

5) Վրաստանի կազմին մէջ ինքնավար տարածքային միաւորի կարգավիճակի տրամադրում Սամցխէ-Ջաւախքին եւ յարակից Ծալկա շրջանին:

Արտակ Գաբրիէլեան իր խօսակիցներուն համար մանրամասնեց այս հարցերը եւ շեշտեց, որ ինք Պրիւքսէլ կը գտնուի, որովհետեւ Վրաստանի կեդրոնական իշխանութիւնները չեն պատասխաներ իրենց հարցումներուն, ընթացք չեն տար հանդիպումներ ունենալու իրենց դիմումներուն եւ որովհետեւ Ջաւախքի հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը կը ցանկայ, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրոպան աջակցին բարեկամ Վրաստանին` ճիշդ ձեւով լուծելու Ջաւախքի խնդիրները:

9 մարտին Արտակ Գաբրիէլեան մեկնեցաւ Ֆրանսա` հայ համայնքին հետ հանդիպումներ ունենալու համար: Նոյն օրը ան հարցազրոյց ունեցաւ Փարիզի «Այփ.էֆ.էմ.» ձայնասփիւռի կայանին հետ եւ երեկոյեան հանդիպում` համայնքին հետ:

Արտակ Գաբրիէլեան Եւրոպա աշխատանքային այցելութիւնը կը շարունակուի:

 

Նախորդը

Բոլոր Հայերուն Հայրենիքը Հայաստանն Է. Հայկական Սփիւռքի Թանգարանի Բացում

Յաջորդը

«Վտանգաւոր Է, Երբ Նախագահը Կը Կարծէ, Որ Երկրին Մէջ Կեանքը Բարելաւուած Է» «Երկիր»-ին Կ՛Ըսէ Հրանդ Մարգարեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.