Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

January 27, 2023
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Չորեքշաբթի օր, լիբանանահայ քաղաքացին մէկ կողմ դրած իր սեփական տագնապներն ու երկրի դիմագրաւած զանազան դժուարութիւնները, ընդառաջեց հայկական կուսակցութեանց կոչին եւ Պեքաայէն Պուրճ Համուտ, ու հայահոծ շրջաններ իր միացեալ խօսքը ուղղեց մերժելով ազրպէյճանաթրքական հայաթափման եւ ցեղային զտման քաղաքականութիւնը եւ զօրակցելով առանձինն պայքարող Արցախին:

Փակուեցան ազգային, միութենական հասարակական կրթական հաստատութիւնները խորհրդանշական կերպով երկու ժամ:

Հայ մարդիկ փակեցին իրենց հաստատութիւնները, իսկ պաշտօնեաներ բացակայեցան իրենց գրասենեակներէն:

Պուրճ Համուտի մէջ թէ Այնճարի, յուզիչ էր մթնոլորտը:

Հոն էին տարեցն ու դպրոցական աշակերտը, գործատէրն ու բանուորը, գիւղացի մշակն ու համալսարանի դասախօսը: Հոն էին համայնքներու կրօնական թէ աշխարհական ներկայացուցիչներ, քաղաքական դէմքեր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, քահանաներ եւ եկեղեցւոյ սպասարկուներ, մեր հասարակական կեանքի գործունեայ տարրեր:

Հոն էին մանկապարտէզի աշակերտներ եւ դպրոցականներ իրենց ուսուցիչներով եւ տնօրէններով, համալսարանական ուսանողներ թէ դասախօսներ:

Հայահոծ շրջաններու հայ գործատէրերու կողքին, իրենց հաստատութիւնները փակած էին նաեւ ոչ հայ անհատներ, որոնք յարգած էին ու կը զօրակցին մեր պահանջին:

Լիբանանի պետութիւնը արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով իր պաշտօնական կեցուածքով կոչ ուղղած էր վերաբանալու Բերձորի միջանցքը:

Պատկառելի էր ներկայութիւնը: Չափազանցութիւն չէ նկատել, որ Արցախի շրջափակումէն 44 օր ետք, մեծագոյն հանրահաւաքն էր աշխարհով մէկ, որ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ:

Լիբանանի հայ քաղաքացին անգամ մը եւս համոզումով կատարեց իր հայու պարտականութիւնը` զօրակցելով արցախցի բազմաչարչար իր եղբօր:

Շատեր բացակայեցան, չուզեցին զօրակցիլ, զանազան պատրուակներ առաջ քշեցին, աւելին ակնկալեցին (աւելիին ժամանակ ալ բացակայած են), սակայն կարեւորը այն է, թէ Լիբանանի հայութիւնը իր խօսքը ըսաւ խիզախութեամբ եւ իր զօրակցութիւնը արտայայտեց բարձր բռունցքով:

Թէ այս պայքարը պէտք է ընդլայնի՞, անկասկած:

Թէ զօրակցական հաւաք մը անբաւարար է առանձնաբա՞ր, այո՛:

Թէ այս հաւաքով Ազրպէյճան պիտի չբանայ Բերձորի միջանցքը՞, անշուշտ:

Սակայն կարելի՞ է լուռ մնալ:

Կարելի՞ է չյիշել, չընդվզիլ, կարելի՞ է կորսնցնել Լիբանանի հայ մարդու մարտունակ ոգին, վստահաբար ոչ:

Պիտի շարունակենք հաւատալ յարատեւ կռիւի գաղափարին:

Տկարութիւնը տեղ չունի Լիբանանի հայութեան մէջ:

Այսպէս ենք մենք եւ այսպէս պիտի մնանք:

Մեր տեղական ցաւերն ու տագնապները կ՛ապրինք, բայց չենք կրնար անտարբեր մնալ համայն հայութեան սպառնացող հայաջինջ վտանգին նկատմամբ:

Այսպէս է Լիբանանի հայութիւնը:

Վարձքը կատար կամքը ամուր պահող հաւատաւոր մեր ժողովուրդին:

 

 

Նախորդը

Դատական Իշխանութիւնը Փուլ Կու Գա՞յ

Յաջորդը

Ալիեւ Բերձորի Միջանցքի Փակման Մասին Հայաստանի Յայտարարութիւնները «Բացարձակ Սուտ» Կը Կոչէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.