Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրասայլերու Մատակարարման Խոստումը Ապահովելէ Ետք. Զելենսքի ՕԹԱՆ-էն Հալածիչներ Կը Խնդրէ

January 27, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտեան երկիրներու կողմէ Ուքրանիոյ հրասայլեր մատակարարելու մտադրութեան մասին յայտարարութենէն ետք, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի սկսած է հրթիռներ եւ օդանաւեր եւս խնդրել: Այս մասին կը գրէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի կայքին:

«Այսօր ես խօսած եմ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ: Մենք պէտք է ապաշրջափակենք Ուքրանիոյ հեռահար հրթիռներու մատակարարումը. մեզի համար հրետանիի ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը ընդլայնելը կարեւոր է, մենք պէտք է հասնինք Ուքրանիոյ օդանաւերու մատակարարման», նշուած է կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական Եուրի Սաք նշած է, որ Ուքրանիան կ՛ուզէ Արեւմուտքէն հալածիչներ ստանալ:

«Եթէ մենք զանոնք ստանանք, մարտի դաշտին մէջ առաւելութիւնը հսկայական պիտի ըլլայ: Անոնք պարզապէս «ԷՖ-16»-ներ չեն. չորրորդ սերունդի օդանաւերը այն են, ինչ որ մեզի անհրաժեշտ է», ըսած է ան «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճոզեֆ Պայտըն չորեքշաբթի երեկոյեան Սպիտակ տան մէջ յատուկ մամլոյ ասուլիս հրաւիրելով յայտարարեց. «Ուքրանիոյ «Էմ 1 Ապրամզ» մակնիշի հրասայլեր տրամադրելու մասին որոշումը արդէն իսկ իրականութիւն է»:

«Այսօր ես կը յայտարարեմ` Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ 31 «Էմ 1 Ապրամզ» մակնիշի հրասայլ պիտի ուղարկէ: Ատիկա համազօր է մէկ ուքրանական գումարտակին: Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին մեզի խորհուրդ տուած է այս քայլին դիմելու, որովհետեւ ատիկա Ուքրանիոյ պիտի արտօնէ ամրապնդել իր պաշտպանութիւնն ու ռազմավարական նպատակներու հասնիլ», յայտարարեց Պայտըն:

«Ապրամզ»-ները աշխարհի ամէնէն մարտունակ հրասայլերն են, սակայն անոնց կիրարկումն ու սպասարկումը բաւական բարդ գործ է: (…) «Ապրամզ»-ներու մատակարարումը ժամանակ պիտի պահանջէ. ժամանակ, որուն ընթացքին մենք պէտք է համոզուինք, որ ուքրանացիները ի վիճակի են այդ հրասայլերը ներդաշնակեցնել իրենց պաշտպանական համակարգերուն», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Սպիտակ տան նախագահին համաձայն, հրասայլերու մատակարարման մասին որոշումը տրուած է ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներու հետ երկարատեւ քննարկումներէ ետք:

Պայտըն շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցին` «Ուքրանիոյ աջակցելու համար մեր հաւաքական ջանքերը ամրապնդելուն եւ մեր բոլորի խօսքը միաւորելուն համար»:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կարծեց, որ կրնայ մեր եւ մեր եւրոպացի դաշնակիցներուն միջեւ պառակտում յառաջացնել, սակայն ձախողեցաւ», ըսաւ Պայտըն:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անդրանիկ Պէյրութ- «Էն. Էս. Էյ.» Եւ Պիպլոս-Աթլաս

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.