Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Արձագանգած Է Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Տեղակայման

January 25, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան ի գիտութիւն կ՛ընդունի Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան ստեղծման վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի որոշումը, կը նշուի երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան երէկ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

«Մենք կը շարունակենք հաստատակամ դիրքորոշում ունենալ, որ նման գործողութիւնները, ներառեալ (հայ-ազրպէյճանական) սահմանի սահմանազատման հոլովոյթը, որ պէտք է իրականացուի բացառապէս երկկողմանի հիմերով, պէտք չէ վնասեն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին», յայտնած են նախարարութենէն:

«Եւրոպական Միութեան առաքելութեան տեղակայումը Հայաստանի մէջ պէտք է ապահովուի պատշաճ կերպով` հաշուի առնելով Ազրպէյճանի օրինական շահերը, առաքելութեան գործունէութեան իրականացումը պէտք չէ խաթարէ փոխադարձ վստահութիւնը», ընդգծած է ազրպէյճանական կողմը:

Եւրոպական Միութեան դիտորդական գործունէութիւնը Հայաստանի տարածքին մէջ սկսած է 6 հոկտեմբեր 2022-ին` Ազրպէյճանի, Հայաստանի, Ֆրանսայի ղեկավարներու եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահի Փրակայի հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ` քաղաքային դիտորդական առաքելութեան տեղակայումով:

«Հաւատալով, որ առաքելութիւնը պիտի աջակցի հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին, Պաքուն համաձայնութիւն տուած է այդ գործունէութեան իրականացման: Հակառակ (նախորդ) երկամսեայ առաքելութեան յստակ սահմանուած շրջագիծերու եւ նպատակներու վերաբերեալ բարձր մակարդակի համաձայնութեան, դիտորդական առաքելութեան (նախնական) գործունէութիւնը լուրջ հակասութեան մէջ էր Փրակայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն հետ` Եւրոպական Միութեան որոշ անդամ պետութիւններու կողմնակալ մօտեցումներէն ետք: Ասիկա իր հերթին ազդած է Եւրոպական Միութեան մէջ որոշումներու կայացման հոլովոյթի յուսալիութեան եւ թափանցիկութեան նկատմամբ ընդհանուր վստահութեան վրայ», յայտարարած է Պաքու:

«Տարբեր մակարդակներով Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներու հետ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած շարք մը խորհրդակցութիւններու ընթացքին նշուած է, որ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան Հայաստանի մէջ ներկայութիւնը պէտք չէ պատրուակ դառնայ Հայաստանի կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւնները կատարելէ հրաժարելու համար: Երկխօսութեան գոյութիւն ունեցող մեքանիզմներուն դէմ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութեան չարաշահումը վտանգաւոր է եւ ատկէ պէտք է խուսափիլ», աւելցուցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները հաւանութիւն տուած էին Հայաստանի մէջ քաղաքային առաքելութեան տեղակայման` Կովկասի մէջ լուծման նպաստելու համար: Այս մասին նշուած էր Եւրոպական Միութեան խորհուրդի` երկուշաբթի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

ՏՀԿ-ն Կ՛ողջունէ «Արեւելեան Զանգեզուր»-ի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Հաղորդակցութեան Կապեր Հաստատելու Քայլերը

Յաջորդը

Փեսքով Պատասխանած Է Բերձորի Միջանցքը «Անյապաղ» Ապաշրջափակելու Վերաբերեալ Պլինքընի` Ալիեւին Ուղղած Կոչին Վերաբերեալ Հարցումին

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.