Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ՏՀԿ) կողմնակից է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման` տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման եւ յարգման հիման վրայ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին որդեգրուած յայտարարութեան մէջ:
Իսլամական 10 երկիրներ` ներառեալ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան միաւորող կառոյցի յայտարարութեան մէջ մասնակից պետութիւնները «կ՛ողջունեն Արեւելեան Զանգեզուրի տնտեսական շրջանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրամիջոցային եւ հաղորդակցական կապեր հաստատելու քայլերը»:
Թաշքենտի մէջ տեղի ունեցած նիստին խօսք արտասանելով` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է. «Զանգեզուրի միջանցքը առանձնայատուկ նշանակութիւն պիտի ունենայ ամբողջ շրջանի երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման համար»:


