Լիբանանեան սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին արձանագրած բարձրացումին եւ անոր դիմաց լիբանանեան դրամանիշին յաւելեալ արժեզրկումին, տիրող սղաճին եւ քաղաքացիին կողմէ ապրուստը ապահովելու դժուարութիւններուն հետեւանքով, լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ճամբաները դարձեալ փակելու փորձերը վերսկսան:
Այս շրջագիծին մէջ երէկ մինչեւ կէսօր փակուեցան Շիահի, Սայտայի հին փողոցի, Թրիփոլիի Փալմա մայրուղիի շրջանները:
Յետմիջօրէին երիտասարդներ փակեցին Մար Մխայէլ եկեղեցին-Կեդրոնական Պէյրութ փողոցը եւ կոչ ուղղեցին լիբանանցիներուն իջնելու փողոց:
Աւելի ուշ հրկիզուող անիւներով փակուեցան «Մարիոթ» պանդոկին կից Ժնահի կամուրջը, Պըրքայել-Աքքար ճամբան, Սայտայի ներքին թաղերը, Քասքասը` երկու ուղղութեամբ, Թրիփոլիի «Ապու Ալի» հրապարակը, Մարզական աւանի ճամբան, Սայտա-Սուր իրարու կապող մայրուղին` Սաքսաքիէի Պապիլիէ կամուրջին կից:


