Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Արցախէն Սուրիա… Մարդկային Իրավիճակի Շուրջ Միջազգային Ամլութիւն

January 24, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի աւելի քան մէկ ամսուան շրջափակումը, հակառակ հնչող բազմապիսի կոչերուն, գործնական ոչ մէկ արձագանգ գտաւ: Եթէ նկատի չառնենք մարդկային աղէտալի վիճակը բարելաւելու մարդասիրական սահմանափակ օժանդակութիւնները, յստակօրէն կը տեսնենք, որ միջազգային ընտանիքը, ՄԱԿ-ը գործնական ոչ մէկ քայլի կը նախաձեռնեն մարդկային աղէտը կանխելու համար:

Անկախ երկիրներու քաղաքական դիրքորոշումներէն` մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան անունով հանդէս եկող կազմակերպութիւններ, պետութիւններ կոչերէն մէկ քայլ անդին չեն անցնիր անարդարութեան վերջ տալու եւ Արցախի բնակչութեան կենսական իրաւունքները վերականգնելու համար:

Առիթը շահագործելով, Ազրպէյճան մարդկային ճգնաժամէն անդին անցնելով, Արցախը հայաթափելու հեռահար ծրագիր կը մշակէ` կոպտօրէն խախտելով իր իսկ ստորագրած 9 նոյեմբերի տխրահռչակ համաձայնագիրն անգամ:

Հարաւային Կովկասէն ոչ շատ հեռու` Սուրիոյ մէջ եւս մարդկային աղէտալի իրավիճակ կը տիրէ: Ձմրան ամենացուրտ օրերուն մարդիկ զրկուած են վառելանիւթէ եւ ելեկտրականութենէ, դեղորայքի տագնապը տակաւ կը սաստկանայ: Բնակչութիւնը, անկախ տնտեսական տագնապէն, առողջ ապրելու նուազագոյն պայմաններն իսկ կը դժուարանայ ապահովել:

Գերպետութիւններու բախող շահերը կուրցուցած են անոնց ղեկավարներն ու ամլացուցած` մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մեքանիզմները:

Ճիշդ է, որ քաղաքական առումով երկու հանրապետութիւններու` Սուրիոյ եւ Արցախի, դիմագրաւած հարցերը բոլորովին տարբեր են, սակայն մարդկային իրավիճակները համարեա՛ իրերանման են: Նման աղէտներ արձագանգի պէտք է արժանանան ու բողոքի լայն ալիք բարձրացնեն աշխարհով մէկ, յատկապէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեամբ հանդէս եկող, սակայն ամլացած կազմակերպութիւններու կառոյցներուն դիմաց` նախ կասեցնելու մարդկային  կեանքին սպառնացող շրջափակումները, ապա` դատապարտելու աղէտը քաղաքական նպատակներու ծառայեցնող պետութիւններ եւ,  վերջապէս, պատասխանատուութեան հրաւիրելու նման աղէտներու պատճառ դարձող կողմեր:

Եթէ Սուրիոյ տասնամեայ պատերազմը ցոյց կու տայ, որ ժողովուրդը իր միասնակամութեամբ կրնայ յաղթահարել նման աղէտներ ու վերականգնել երկրի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը` օգտուելու իր իսկ երկրին անսահման հարստութիւններէն, Արցախի պարագային ազրպէյճանական կողմին ոտնձգութիւնները մեծագոյն ապացոյցն են այն իրողութեան, որ Արցախի բնակչութեան փրկութիւնը կարելի կրնայ դառնալ միայն Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումով:

Քաղաքական ծրագիրները, սակայն, աշխարհաքաղաքական ներկայ եռուն վիճակին մէջ երկար ժամանակի ու քաղաքական բարդ բանակցութիւններու կը կարօտին կեանքի կոչուելու համար, էականը մարդկային աղէտներու կանխումն է առաջին հերթին: Աղէտներ, զորս կարելի է կասեցնել, եթէ մարդկութիւնն ու մարդկայինը զերծ կացուցուին քաղաքական հաշիւներէ:  Այլապէս, ի՞նչ նպատակով յառաջացած են ու կը շարունակեն գործել մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնները…

Նախորդը

Լռութեան Առաքինութիւնը

Յաջորդը

«Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Տագնապները Պէտք Է Միասնաբար Դիմագրաւենք»* Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան

November 6, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.