Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրուան Հրամայականը. Վերականգնել Մեր Ամբողջութիւնը

January 24, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Միշտ հաւատարիմ մնալով էութեանս` կրկին ներքին հանդարտութեամբ կու գամ շարել այն բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք կը պատկանին մեզի, որովհետեւ ազգովին կանգնած ենք նոր եւ բազմաշերտ վտանգներու առջեւ: Անոր համար է, որ ամէն տեղ մեր դարաւոր ինքնութիւնը պահելու հարցը ունինք: Մեր դիմաց վճռական օրեր ցցուած են: Տեսանելի են:

Տխուր է այս իրականութիւնը: Նոյնիսկ կը վախնամ, որ եթէ մենք մեր այս ընթացքը շարունակենք, օր մըն ալ մեր դարերու երազը կրնանք կորսնցնել: Մեր երկիրը ցնցուած է ու կը գտնուի ժխտական իրադարձութիւններու հոսքին մէջ: Մինակ ենք ու մինակ ալ կ՛ապրինք այս անիծեալ հարցերու ողբերգութեան հետ: Այս հին ու նոր բոլոր դէպքերն ու դէմքերը ոչ միայն մեզ կազմալուծած են, այլեւ մեր կռուելու եւ պաշտպանուելու կամքը` անկարելիութեան մատնած: Հայրենի մեր ժողովուրդը ամէն օր հաւատք կ՛աղերսէ: Յոյս եւ լոյս կը փնտռէ,  որովհետեւ անհանգիստ խաղաղութեամբ կ՛ապրի, որովհետեւ վտանգաւոր կացութիւններ իրարու ետեւէ անսպասելի կերպով կը յաջորդեն: Ու հակառակ այս իրողութիւններուն` տակաւին մեզմէ շատեր չեն անդրադառնար: Կարծես իրենց երազը վերջացած է, ու կեանքը կը շարունակէ իր ընթացքը` փշրուած հայելիի կտորներուն մէջ: Ներշնչող իրականութիւնը բացակայ է:

Այս բոլորը ամէն օր եւ ամէն առիթով կը լսենք, կը տեսնենք ու կը կարդանք: Մեզ մեր արմատներէն կը փորձեն հեռացնել: Ահա թէ ինչո՛ւ կը մտահոգուինք: Մենք մեզի հարց կու տանք, թէ այնքան զոհերէ ետք, տակաւին անկեղծ դաշնակից մը իսկ չունինք: Ու ամէն օր դաշնակից կը փնտռենք, որպէսզի անոր վրայ մեր յոյսերը բեռցնենք: Ա՛լ յոգնեցանք առատօրէն ու ձրիաբար մեզի հասցէագրուած եւ առաքուած սին խոստումներէն:

Յիշենք, որ դարերու ընթացքին մեր երկրէն ներս հազար տեսակ դէպքեր տեղի ունեցած են,  հազար տեսակ ժողովուրդներ եկած ու անցած են մեր հողերուն վրայէն, բայց մենք չենք ընկրկած: Իսկ այս օրերուն, ահա՛, ինչ որ մերն էր, այլեւս մերը չէ:

Պէտք է նաեւ յիշենք, որ միշտ թերութիւններու մասին խօսիլը լաւ չէ: Չմոռնանք, որ ունեցած ենք բախտաւոր ժամանակներ, ու մեր ներուժը հասած է իր ամբողջութեան եւ մեր ճակատագիրը մեր ձեռքը եղած է:

Արդ, ինչպէ՞ս ազատիլ այս վտանգաւոր «հեղեղներէն», որպէսզի յանկարծ «ուրիշ» չդառնանք:

Պէտք է նաեւ գիտնանք, որ ժամանակը մեզի կը պարտադրէ, որ այս օրերուն տարբեր տեսակի ինքնապաշտպանութեան դիմենք: Ուստի նախ մեր երկրին ուժ է պէտք: Խելքի եւ կամքի, սեփական հնարքներու ու յատկապէս ազգային ոգիով լիցքաւորուած ղեկավարներու կարիքը ունինք: Մենք անմիջական պահանջը ունինք ստեղծագործ միտքերու եւ կամքերու, ստեղծագործ բազուկներու, որոնք կ՛ենթադրեն յաւելեալ ճիգ, զոհողութիւն ու նուիրում եւ յատկապէս` սէր, որովհետեւ երբ գործ մը սիրելով կ՛ընենք, ոչինչ կը խնայենք անոր համար եւ հազար պատճառ կը մէկտեղենք` զայն իրագործելու եւ յաջողցնելու, այլապէս ան նման պիտի ըլլայ առանց դերձանի կար կարելու:

Ուստի ի՞նչ պէտք է ընել: Ժամանակն է վերականգնելու մեր ամբողջութիւնը: Թէեւ թիւով քիչ ենք, բայց գոնէ ըլլանք միաբան: Կայուն ու հաստատ պետութիւն ստեղծենք եւ պահենք: Վերագտնենք հիմնականը: Այլ խօսքով, ունենանք ա՛յն բանալին, որ բոլորիս գիտակցութեան դռները կրնայ բանալ: Աշխարհը մրրիկներով ցնցուած է, ու մեր հայրենիքի հորիզոնին վրայ կուտակուած ծանր եւ գորշ ամպերը նոր փոթորիկներ «կ՛աւետեն»: Այս բոլորը կարծես չենք տեսներ: Անակնկալ մեծ ու փոքր դէպքերը կարծես մեր ժողովուրդի գիտակցութիւնը կը փորձեն մարել:

Միշտ վտանգաւոր կեանք ապրած ենք: Կարծես մեր կամքը աւերուած է, եւ մեր քննելու ու կողմնորոշուելու կարողութիւնը` սրբուած, քանդուած: Նոյնիսկ մեր նայուածքը շուարած է: Կը լողանք մթութիւններով լեցուն քաոսացած աւազանին մէջ: Մեզմէ հողեր կը պահանջեն: Բայց չէ՞ որ շատ արիւն թափած ենք այդ հողերուն վրայ: Հողեր, տարածքներ, որոնք Հայաստան եւ Արցախ կը կոչուին: Բայց լաւ պէտք է գիտնանք, որ եթէ թափուած արիւնը չի ճառագայթեր, ուրեմն նշանակութենէ զուրկ է ամէն բան:

Ի՞նչ պէտք է ընել: Ամէն առիթով կրկնած ենք, որ ճիգ եւ կամք պէտք է: Մեր իրաւունքները պաշտպանելու համար մեր ներքին ուժերու միացումը հարկաւոր  է: Վերջ ի վերջոյ բոլորս ալ կ՛ուզենք մեր երկրի սահմանները ամրապնդել, վերաշինել երկիրը, վերականգնել մեր լիութիւնը, վերագտնել մեր հոգին եւ անոր կշռոյթը: Մեր ախտերն ու «փոշիները» մաքրել է պէտք: Մեր ուժերը հաւաքենք: Մեր վէրքերը բուժենք, սխալները շտկենք, տարակարծութիւնները հարթենք, մեր երկրի անկախութիւնը յարգել տանք:

Մէյ մը նայեցէ՛ք աշխարհի քարտէսին: Բոլորն ալ պատրաստ են մեզ կրկին ծախելու,  յօշոտելու: Հայաստանը մինակ է ու ամբողջ մարմնով կը դողայ: Հայաստանը մինակ է իր լեռներուն, ժայռերուն եւ կտոր մը երկինքի հետ: Աշխարհի մեծերը պարզապէս անօթի գայլեր են եւ կ՛ուզեն բաժնել կովկասեան իրենց այս «աւարը»:

Ամբողջ մեր պատմութեան ընթացքին միշտ եւ անդադար սկսած ենք այս բոլորը, սակայն չենք վերջացուցած: Անհրաժեշտ է Տունը շինել, մաքրել, նորոգել: Այս բոլորը իրականացնելու համար էական է ըլլալ` արթուն, կայտառ, պայքարող, երազով լեցուն աչքերով, խօսքի փոխարէն` գործով արտայայտուող, միութեան գիտակցութիւնը չկորսնցնող ժողովուրդ եւ ղեկավար:

Ուստի հարկ է բանալ մեր մտքի դրական բոլոր պատուհանները` աշխարհը տեսնելու, բառերէն եւ անիմաստ ու խաբուսիկ խոստումներէն չխաբուելով, մենք զմեզ լաւ ճանչնալու եւ մանաւանդ գիտակցելու մեր իսկութեան մասին:

Մաղթանքս է շուտով վերականգնել մեր ամբողջութիւնը:

[email protected]

Նախորդը

Սպասելով Ուաշինկթընի «Ամէնէն Արդիւնաւէտ» Քայլին

Յաջորդը

Լիբանանի «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Տնօրէնութեան Ջահի Փոխանցում

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.