Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի. «Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Հակակշիռի Տակ Կը Գտնուի»

January 23, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուին` հաստատելով, որ երկրին ապահովական կառոյցները իրենց պարտականութիւնը լիովին կը կատարեն:

Մաուլաուի կոչ ուղղեց կառավարութեան գումարած նիստերը հեռու պահելու քաղաքական մրցակցութենէ եւ համայնքային բախումներէ` ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ իսլամները շատ աւելի նախանձախնդիր են քրիստոնեայ գոյութեան եւ անոնց դերակատարութեան, քան` քրիստոնեաները:

Մաուլաուի շեշտեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու հիմքը կ՛արդարացնեն քաղաքացիները` հաւատալով երկրին եւ մերժելով պատերազմի վերադարձը:

Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ կառավարութեան գումարած նիստերուն նպատակն է ծառայել լիբանանցիներուն եւ մեղմացնել անոր հոգերը:

Ան շեշտեց նաեւ, որ նախագահական ընտրութիւնը անհրաժեշտութիւն է, եւ կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն` ուղղուելու հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու հոլովոյթին:

Քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասին Մաուլաուի հաստատեց, որ թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստ է կատարելու այդ ընտրութիւնները` ընդգծելով անոնց կարեւորութիւնը:

Համադաշնակցային դրութեան կամ բաժանումի կոչ ուղղողներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մաուլաուի նշեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր կը ջանան ապահովական քաոս ստեղծելու առումով ներդրում ունենալ` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը խանգարող իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ նաեւ նպաստած կ՛ըլլայ ապահովական քաոս ստեղծելու խաղին:

 

Նախորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Պատասխանէ Իր Դէմ Հրապարակուած Տեղեկագիրներու

Յաջորդը

Շուէտի Մէջ Քորանի Հրկիզումը Լիբանանի Մէջ Դատապարտումի Ալիք Մը Կը Բարձրացնէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.