Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա Տել Ռէյ») քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Բաւական զօրաւոր ճակատում մը կը խոստանայ ըլլալ Ռէալ Մատրիտ-Աթլեթիքօ Մատրիտ մրցումը:
Պարսելոնա պիտի մրցի Ռէալ Սոսիետատի դէմ, Վալենսիա իր դէմ պիտի ունենայ Աթլեթիք Պիլպաոն, իսկ Օսասունա` Սեւիլլան:
Օսասունա-Սեւիլլա եւ Պարսելոնա-Ռէալ Սոսիետատ մրցումները տեղի պիտի ունենան չորեքշաբթի, 25 յունուարին, իսկ Ռէալ Մատրիտ-Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Վալենսիա-Աթլեթիք Պիլպաօ մրցումները` հինգշաբթի, 26 յունուարին:


